image

Խմբագրական «Մասիս»ի. Նեթանեահուի կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչումը մերժելի

Խմբագրական «Մասիս»ի. Նեթանեահուի կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչումը մերժելի

Հայկական Ծագումով Ամերիկացի հաղորդավար Փաթրիք Պէթ-Տէյվիտի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին Բենիամին Նեթանեահուն պատասխանելով այն հարցի թէ ինչո՞ւ Իսրայէլի ոչ մէկ վարչապետ մինչեւ օրս չէ ճանչցած Հայոց Ցեղասպանութիւնը, ըսած է․ «Ահաւասիկ հիմա կ՛ըսէմ», այդ առթիւ նաեւ յայտնած է, թէ «Իսրայէլի խորհրդարանը ընդունած է այդ փաստը»։

Նեթանեահուի կողմէ նման պայմաններու տակ ու նման ձեւով տրուած պատասխանը, ո՛չ մէկ պարագայի տակ կարելի է ընդունելի կամ վաւերական համարել, ընդհակառակը այդ  կը պարունակէ հեգնանք ցեղասպանութեան զոհերուն ու  վիրաւորանք՝ Հայութեան։

Նախ պէտք է արձանագրել որ Իսրայէլի Քնիսէթր՝ խորհրդարանը, ոչ մէկ ատեն ընդունած է Հայոց ցեղասպանութեան փաստը։ Բազմաթիւ անգամներ փորձ կատարուած է հարցը դնել խորհրդարանի քննարկման, սակայն կառավարութեան ճնշումին տակ դուրս հանուած է օրակարգէն։

Հակառակ որ Հրեայ բազմաթիւ մտաւորականներ ու պատմաբաններ պահանջած են, որպէսզի Իսրայէլ պաշտօնապէս ճանչնայ Ցեղասպանութիւնը, մանաւանդ որ իրենց ազգը եւս եղած է ցեղասպանութեան զոհ ու այդ փաստի հետեւանքով արժանացած է աշխարհի կարեկցութեան ու համակրանքին, սակայն պաշտօնական ճանաչում երբեք չէ եղած։

Անցնող տասնամեակներու   ընթացքին Իսրայէլի համար աւելի կարեւոր նկատուած է Թուրքիոյ հետ իր սերտ գործակցութիւնը՝ քան պատմական իրողութեան ճանաչումը։ Ներկայիս  Թուրք-Իսրայէլեան յարաբերութիւնները կ՛ապրին իրենց ամենէն վատ օրերը՝ Կազայի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն պատճառաւ։ Սակայն, այդ չի նշանակէր, որ անոնց միջեւ գոյացած է վերջնական խզում։ Ներկայիս, կապը կը պահպանուի Ատրպէյճանի միջոցաւ, որ կազ կը մատակարարէ Իսրայէլին ու մեծ քանակութեամբ մահաբեր զինատեսակներ կը գնէ այդ երկիրէն ու կ՛օգտագործէ զանոնք Հայաստանի դէմ։ Որոշ տեղեկութիւններու համաձայն Իսրայէլ Ատրպէյճանի մէջ ունի ռազմական դիրքեր, ուրկէ կը լրտեսէ Իրանի դէմ։

Քաղաքական նպատակայարմարութեամբ կատարուած «ճանաչումը» անընդունելի է նաեւ այն պատճառաւ, որ երկու տարիէ ի վեր Իսրայէլ  Կազայի մէջ Պաղեստինցի ժողովուրդը կ՛ենթարկէ ռմբակոծութեան, տեղահանութեան ու սովի՝ խլելով տասնեակ հազարաւոր զոհեր, որոնց շարքին երեխաներ։ Այս արարքները իրենց մէջ կը պարունակեն ցեղասպանութեան յատկանիշներ, որոնց համար ալ Միջազգային Քրէական Դատարանի կողմէ Նեթանեահուն ամբաստանուած է, որպէս պատերազմի յանցագործ։

Այս բոլորը հանգամանքները նկատի առնելով Հայութիւնը պէտք է մերժէ Նեթանեահուի կեղծաւոր յայտարարութիւնը ու զայն առանց շնորհակալութեան վերադարձնէ իր իսկ տիրոջ։

 

Գրիգոր Խոտանեան
«Մասիս»