image

Եւրոպայի ամենատարեց հայուհին. Մահացած է Իտալիոյ Պարի քաղաքի բնակիչներէն՝ Արաքսի Լիլոսեան

Եւրոպայի ամենատարեց հայուհին. Մահացած է Իտալիոյ Պարի քաղաքի բնակիչներէն՝ Արաքսի Լիլոսեան

Արաքսի Լիլոսեան դարձած է բազմաթիւ վաւերագրական ֆիլմերու եւ տեսանիւթերու հերոս՝ ներկայացնելով Պարիի հայերը, Հայոց Ցեղասպանութիւնը, ինչպէս նաեւ Իտալիոյ մէջ հայկական գորգարտադրութեան պատմութիւնը։

93 Տարեկանին մահացած է Իտալիոյ Պարի քաղաքի հայկական համայնքի ամենատարեց ներկայացուցիչ Արաքսի Լիլոսեան։

Այս մասին կը հաղորդէ Պարիի ՀՀ պատուաւոր հիւպատոսութիւնը։

Արաքսի Լիլոսեան ծնած էր Պարիի «Նոր Արաքս» պատմական գիւղին մէջ։ Անոր ծնողները՝ Թագուոր Լիլոսեան Պարտիզակէն եւ Սիրանուշ Թիմուրեան Սփարթայէն։ Արաքսի Լիլոսեանու զաւակներն են Սիրանուշ եւ Տիտո Քուարանտաները՝ տեղական հայկական համայնքի աշխույժ գործիչներ։

Հիւպատոսութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, թէ Արաքսի Լիլոսեան կը մարմնաւորէր այն յամառ ու մարտական ոգին, որ յատուկ էր հայերու առաջին սերունդին, որոնք 1915-ի Ցեղասպանութենէն ետք հասան Պարի։

«Արաքսին նաեւ մեծ դեր ունեցած է Իտալիոյ մէջ հայկական արհեստագիտութեան զարգացման մէջ։ 1950-ականներուն ան աշխատած է Պարիի գիւղերէն մէկուն մէջ՝ որպէս գորգագործ, ապա՝ որպէս ուսուցիչ Սան Ջովանի ին Ֆիորէի գորգագործութեան դպրոցին մէջ, Կալապրիա, զոր կը ղեկավարէր իր հօրեղբայրը՝ Սարգիս Մուշեղեան՝ Opera Sila-ի յանձնարարութեամբ։ Երկրորդ աշխարհամարտէն ետք՝ գորգ հիւսելու հնագոյն արուեստը փոխանցուած է այս դպրոցի արհեստանոցներէն մէկուն։ Գորգարուեստը նկատուած է մարդասիրական ձեռնարկում՝ Կալապրիայի լեռնային շրջաններու բնակչութիւնը աղքատութենէն դուրս բերելու նպատակով։ Այն հայերը, որոնք հաստատուած էին Իտալիոյ մէջ 1922-էն սկսեալ, անդադար աշխատեցան իտալական համայնքներուն բարիք ստեղծելու եւ այդ բարիքները ծանօթացնելու՝ տեղացիներուն»։ 

Արաքսի Լիլոսեան դարձած է բազմաթիւ վաւերագրական ֆիլմերու եւ տեսանիւթերու հերոս՝ ներկայացնելով Պարիի հայերը, Հայոց Ցեղասպանութիւնը, ինչպէս նաեւ Իտալիոյ մէջ հայկական գորգարտադրութեան պատմութիւնը։

Ի դէպ, COVID-19 համավարակէն ետք Արաքսի Լիլոսեան եւ անոր դուստրը այցելած էին Հայաստան։