Գանատայի Հայոց Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, ընդունեց այցելութիւնը՝ Գանատայի մէջ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի պատուիրակութեան։
Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Գանատայի Թեմի պաշտօնական էջէն կը կարդանք՝
Անցնող շաբաթ, Գանատայի Հայոց Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, ընդունեց այցելութիւնը՝ Գանատայի մէջ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի պատուիրակութեան։
Պատուիրակութեան անդամներն էին՝ Խորհուրդի ատենապետ՝ Պարոն Փիէր Շամմասը, ատենադպիր՝ Դոկտ. Ռաուֆ Այասը եւ խորհրդական՝ Պարոն Ալէն Քաատէն:
Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Թեմիս Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքի Վարիչ՝ Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Վարդապետ Եագուպեանը։
Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան՝ Միջին Արեւելքը յուզող հարցեր, Հայաստանի եւ Արցախի առընչուած մտահոգութիւններ, Միջին Արեւելքի տարածաշրջանային խաղաղութեան հեռանկարները։
Հանդիպումը միջոց մըն էր երկկողմ յարաբերութիւնները ամրապնդելու եւ համագործակցութեան միջոցներ մշակելու: