image

Լոյս տեսած է «Պատմական Տայք. Պատմութիւն, մշակոյթ, դաւանանք» հատորը

Լոյս տեսած է «Պատմական Տայք. Պատմութիւն, մշակոյթ, դաւանանք» հատորը

Օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Հրատարակչական բաժինը լոյս ընծայած է 22-24 յունիս 2016-ին Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանին մէջ տեղի ունեցած «Պատմական Տայք. Պատմութիւն, մշակոյթ, դաւանանք» խորագրով միջազգային գիտաժողովի զեկուցումներու ժողովածուն:  

Ժողովածուին մէջ ընդգրկուած են Մեծ Հայքի Տայք նահանգին նուիրուած առաջին միջազգային գիտաժողովի նիւթերը, որոնք կը լուսաբանեն երկրամասի պատմութեան, դաւանանքի, արուեստի ու մշակոյթի շարք մը կարեւոր հարցեր: Ուսումնասիրութիւնները կը ներկայացնեն պատմական Տայքը հնագոյն շրջանէն մինչեւ նոր ժամանակները: Գիտական յօդուածներուն մէջ բազմակողմանի անդրադարձեր կան նահանգի ճարտարապետական, որմնանկարչական եւ քանդակագործական յուշարձաններուն, ձեռագրագիտական նիւթին:

Յօդուածներու ժողովածուի պատասխանատու խմբագիրներն են արուեստագ․ թեկնածու, դոցենտ Զարուհի Յակոբեանը, արուեստագ․ դոկտոր, դոցենտ Նազէնի Ղարիբեանը եւ արուեստաբան Արփինէ Ասրեանը։ Ժողովածուին մէջ տեղ գտած ռուսերէն յօդուածներու խմբագիրն է Յասմիկ Շաթիրեանը, անգլերէն յօդուածներինը՝ Աննա Հաճի-Յակոբեանը։