image
Հրատապ լուրեր:

Պաքուի «Միլլի մեճլիս» ը յայտարարութիւն ընդունած է «արեւմտեան ատրպէյճանցիներու»՝ իրենց «պատմական հայրենիք» վերադառնալու վերաբերեալ

Պաքուի «Միլլի մեճլիս» ը յայտարարութիւն ընդունած է «արեւմտեան ատրպէյճանցիներու»՝ իրենց «պատմական հայրենիք» վերադառնալու վերաբերեալ

Ատրպէյճանի «Միլլի մեճլիսը» (խորհրդարանը) յայտարարութիւն ընդունած է «արեւմտեան ատրպէյճանցիներու»՝ իրենց «պատմական հայրենիք» վերադառնալու վերաբերեալ: Այս մասին յայտնած են տեղի լրատուամիջոցները:

Յայտարարութեան մէջ ընդգծուած է, որ վստահութեան ամրապնդման միջոցներէն է «արեւմտեան ատրպէյճանցիներու» վերադարձի ապահովումը իրենց «պատմական հողեր»։

Յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ «ատրպէյճանցիները դարեր շարունակ ապրած են ներկայիս Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին» եւ որ այնտեղ ապրող «բնակչութեան մեծամասնութիւնը ատրպէյճանցիներ էին»։

«Համայնքի ներկայացուցիչները կը կարծեն, որ ներկայիս Հայաստանի տարածքին «արեւմտեան ատրպէյճանցիներու»՝ «իրենց նախնիներու հայրենիք» վերադառնալու իրաւունքի ճանաչումն Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ վստահութեան ձեւաւորման կարեւորագոյն գործիքներէն է։ Սա կարեւոր քայլ պիտի ըլլայ երկու պետութիւններու միջեւ իրական խաղաղութեան հասնելու եւ տարածաշրջանին մէջ համակեցութեան միջավայր ստեղծելու ուղղութեամբ»,-ըսուած է յայտարարութեան մէջ։