Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը միջնորդութիւններ ներկայացուցած է ընդդիմադիր Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութենէն ինը խորհրդարանականի, ներառեալ` կուսակցութեան համանախագահ՝ Փերուին Պուլտանին անձեռնմխելիութենէն զրկելու մասին, 2014-ին փողոցային ցոյցերու մեղադրանքով, հաղորդած է Ahval-ը` վկայակոչելով Halk TV-ն:
Կուսակցութեան անդամները՝ Ֆաթմա Քուրթուլան, Կարօ Փայլան, Հիւտա Քայեան, Մերալ Տանիս Պեստաս, Հաքքի Սարուխան Օլուք, Սերփիլ Քեմալպայ, Սեզայ Թեմելի, Փերո Տունտար եւ Փերուին Պուլտան, կարող են դատական գործընթացքի ենթարկուիլ, պատգամաւորական անձեռնմխելիութենէն զրկելու ընթացակարգի աւարտի պարագային:
Որպէսզի պատգամաւորները դատարանի առջեւ կանգնին, խորհրդարանը պէտք է քուէարկէ այն յայտերու հարցով, որոնք, իրենց հերթին, պէտք է ընդունուին եւ մշակուին արդարադատութեան նախարարութեան կողմէ: