image

Ալֆրետ Հաւանի պարգեւատրումը՝ Գերշ. Տ. Գեղամ արք. Խաչերեանի

Ալֆրետ Հաւանի պարգեւատրումը՝  Գերշ.  Տ. Գեղամ  արք.  Խաչերեանի

Օրերս, ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան Կիլիկեան Ասպետի շքանշան յանձնած է այժմ լոսանճելըսաբնակ Տիար Ալֆրետ Հաւանի, որ իրանահայութեան վերջին աւելի քան վաթսուն տարիներու  եկեղեցական, ազգային, կրթական, շինարարական, միութենական եւ մարզական կեանքէն ներս ունեցած է յանձնառու դերակատարութիւն։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ  Մեծի Տանն Կիլիկիոյ ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի պաշտօնական էջէն։

Ստորեւ տրուած հաղորդագրութիւնը՝

Ուրբաթ, 16 Յունուար 2026-ի յետմիջօրէին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, Ազգ. Առաջնորդարանի մէջ Կիլիկեան Ասպետի շքանշան յանձնեց այժմ լոսանճելըսաբնակ Տիար Ալֆրետ Հաւանի, որ իրանահայութեան վերջին աւելի քան վաթսուն տարիներու  եկեղեցական, ազգային, կրթական, շինարարական, միութենական եւ մարզական կեանքէն ներս ունեցած է յանձնառու դերակատարութիւն, ի մասնաւորի Նոր Ջուղայի եւ Մաշհատի մէջ իր ստանձնած պատասխանատու եւ ղեկավար պաշտօններով, կատարած բարերարութիւններով եւ իրագործած եկեղեցաշէն ու հանրօգուտ ծրագիրներով: 

Նշենք, որ Պարսկաստանի Հայոց Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեանի խնդրանքին հիմամբ, Կիլիկիոյ Ս. Աթոռի Գահակալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Կիլիկեան Ասպետ շքանշան շնորհած էր Տիար Հաւանի, որ զայն ստացաւ Ազգ. Առաջնորդարանի մէջ, ձեռամբ Գեղամ Արքեպիսկոպոսի, ներկայութեամբ խումբ մը հարազատներու: 

Յանձնումի պահուն, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ընթերցեց կոնդակը եւ յանուն Արամ Ա. Կաթողիկոսի, պարգեւատրեալին կուրծքը զարդարեց շքանշանով: Հուսկ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, յանուն Վեհափառ Հայրապետի շնորհաւորեց պարգեւատրեալ Ալֆրետ Հաւանն ու անոր ընկերակցող հարազատները, գնահատեց շքանշանակիրին եկեղեցաշէն եւ ազգանուէր վաստակն ու գործունէութիւնը, ապա իր հայրական օրհնութիւնները բաշխեց ներկաներուն: 

Յայտնենք, որ իրանահայ ազգային-հասարակական գործիչ եւ բարերար Ալֆրետ Հաւան ծնած է Իրանի Հանրապետութեան Համատան քաղաքը, 1934-ին: Եօթը տարեկանին ընտանեօք փոխադրուելէ ետք Նոր Ջուղա, ան մինչեւ հասուն տարիքը մաս կը կազմէ շրջանի ազգային կեանքի բոլոր բնագաւառներու զարգացման գործին: Կրթութեամբ եւ մասնագիտութեամբ ըլլալով շինարար, ան նաեւ քաղաքացիական իր ծառայութիւնը մատուցած է իր ծննդավայր երկրին՝ իբրեւ ամերիկեան բնակարանաշինութեան նշանաւոր ընկերութեան մը պատասխանատու պաշտօնեայ, իսկ աւելի ուշ, հիմնած է իր անձնական ընկերութիւնը՝ ԹԵՔՆՕ ՓԱՐՍ անունով, որուն աշխատանքի վայրը առաւելաբար եղած է Մաշհատ քաղաքը, ուր Հաւանի գործին բերումով հաստատուած է ընտանեօք եւ բնակարանաշինութեան քաղաքային ծրագիրներ իրականացնելու կողքին նաեւ վարած է ազգային գործունէութիւն, իր մասնագիտական եւ ազգային-հայրենասիրական ու ժողովրդանուէր ծառայութիւնը մատուցելով Մաշհատի հայկական կեանքի ղեկավարման կարեւոր գործին: