Տրապիզոնի Օֆ շրջանն ու Պայպուրթ նահանգը իրարու կը կապուին 105 քիլոմեթր երկարութեամբ «Տէ 915» լեռնային ճամբով, որ շարժավարներու կողմէ որակուած է որպէս աշխարհի ամենադժուար եւ վտանգաւոր երթուղիներէն մէկը։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա»էն։
Աղբիւրը նաեւ կը գրէ, որ մինչեւ այժմ այդ «համբաւ»ը կը պատկանէր Պոլիվիոյ «Մահուան ճամբայ»ին, բայց ըստ վերջին արժեւորումներու, «Տէ- 915»ը վտանգի աստիճանով կը գերազանցէ «Մահուան ճամբայ»ն։
«Տէ 915»ի ամենախրթին հատուածը 5.1 քիլոմեթր երկարութեամբ ճանապարհային պտոյտներն են, ուր 1700-2035 մեթր բարձրութեան վրայ առկայ են 17 կտրուկ շրջադարձներ։ Կան հատուածներ, ուր ճամբու թեքութիւնը կը հասնի 17 առ հարիւր համեմատութեան, իսկ նեղութիւնը գրեթէ անկարելի կը դարձնէ երկկողմանի անցումը, այդ իսկ պատճառով յաճախ շարժավարներէն մէկը կը ստիպուի ետ քշել իր ինքնաշարժը։
Հակառակ լեռնային հիանալի համայնապատկերին, եղանակային պայմանները ճամբան ա՛լ աւելի վտանգաւոր կը դարձնեն. ամրան եղանակին յաճախ խիտ մշուշն ու յորդառատ անձրեւները, իսկ Հոկտեմբերէն մինչեւ Յունիս, երբեմն ալ Յուլիսի վերջաւորութիւն ճամբան կը փակուի ձիւնի ու սառոյցի պատճառով։
Այնուհանդերձ, «Տէ 915»ը կը շարունակէ մնալ տեղացիներու հիմնական երթուղին, որովհետեւ Տրապիզոնի ու Պայպուրթի միջեւ այլընտրանքային ճամբաները աւելի երկար են։ Յատկապէս զբօսաշրջիկներուն չի յանձնարարուիր օգտուիլ այս երթուղիէն՝ առանց վարորդական լուրջ փորձառութեան։