image

Նոր արշաւ Թուրքիոյ մէջ. Կարօ Փայլան պիտի զրկուի՞ պատգամաւորական իրաւունքէն

Նոր արշաւ Թուրքիոյ մէջ. Կարօ Փայլան պիտի զրկուի՞  պատգամաւորական իրաւունքէն

Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը միջնորդութիւններ ներկայացուցած է ընդդիմադիր Ժողովուրդներու դեմոկրատական ​​կուսակցութենէն ինը խորհրդարանականի, ներառեալ` կուսակցութեան համանախագահ՝ Փերուին Պուլտանին անձեռնմխելիութենէն զրկելու մասին, 2014-ին փողոցային ցոյցերու մեղադրանքով, հաղորդած է Ahval-ը` վկայակոչելով Halk TV-ն:

Կուսակցութեան անդամները՝ Ֆաթմա Քուրթուլան, Կարօ Փայլան, Հիւտա Քայեան, Մերալ Տանիս Պեստաս, Հաքքի Սարուխան Օլուք, Սերփիլ Քեմալպայ, Սեզայ Թեմելի, Փերո Տունտար եւ Փերուին Պուլտան, կարող են դատական ​​գործընթացքի ենթարկուիլ, պատգամաւորական անձեռնմխելիութենէն զրկելու ընթացակարգի աւարտի պարագային:

Որպէսզի պատգամաւորները դատարանի առջեւ կանգնին, խորհրդարանը պէտք է քուէարկէ այն յայտերու հարցով, որոնք, իրենց հերթին, պէտք է ընդունուին եւ մշակուին արդարադատութեան նախարարութեան կողմէ: