image

Աֆրիթ

Աֆրիթ

Բնիկ Քեսապի բանահաւաք եւ հայագէտ՝ Դոկտ. Յակոբ Չոլաքեան կը գրէ՝

Հետաքրքրական բառ մը եւս Քեսապի բարբառէն՝ աֆրիթ։

Լայն գործածութիւն ունի բարբառին մէջ։ Աֆրիթ կ՛ըսեն ամեն բարձունք յաղթահարող, ամեն խաղէ յաղթական դուրս ելլող  մարդոց, ճարպիկ՝ թէ՛ ֆիզիքապէս, թէ՛ մտապէս։ «Աֆրիթին մէկն է,- կ՛ըսեն,- անոր հետ խաղ չ՛ըլլար», կամ «Ընտըզ աֆրիթ ի» (աֆրիթի պէս է)։ Ճարպիկ, ես այդպէս ալ բացատրած եմ արաբերէն ծագմամբ այդ բառը (Քեսապի բարբառ, Երեւան, 2009, էջ 312ա)։

Բայց իրականութեան մէջ՝ աֆրիթ անունն է  մարդակերպ  ոգիի մը, որ արաբական բանահիւսութեան մէջ ճիներու (գերբնական ոգի) հզօր ու յաճախ չարամիտ մէկ դասը կը ներկայացնէ։ Աֆրիթները յաճախ պատկերուելով իբրեւ ծխացող հսկայական, թեւաւոր արարածներ՝ կը համարուին ապստամբ եւ ուժեղ։ Անոնք կը բնակին  անմարդաբնակ աւերակներու կամ ստորգետնեայ աշխարհին մէջ եւ կապ ունին մահացածներու հոգիներուն հետ։ Անոնք կ՛առաջացնեն  չարիք, դժբախտութիւն, հիւանդութիւն եւ մահ: Աֆրիթները  կ՛ամուսնանան  իրարու հետ, բայց կրնան նաեւ ամուսնանալ մարդոց հետ։ Սովորական զէնքերը  իշխանութիւն չունին անոնց վրալ, անոնք կրնան  թռչիլ, փոխել իրենց կերպարանքը եւ կրակ արձակել, բայց անոնք ենթակայ են կախարդանքի, որով մարդիկ կրնան զանոնք սպանել, գերի վերցնել եւ ստրկացնել։ 

Արդ, բարբառին մէջ աֆրիթ բառի գոյութիւնն ու լայն կիրարկութիւնը կրնան ենթադրել տալ, որ թերեւս աֆրիթի նկատմամբ սնահաւատութիւն ալ եղած է նաեւ Քեսապի մէջ։ Գիտենք, որ այդպիսի հաւատալիք կայ ճիներու նկատմամբ, կայ նոյնիսկ վայր, որ կը կոչուի Ճինկէօն խէնտէօը (Ճինին ձորը), Վերի Պաղճաղազէն Էքիզօլուք գացող ճամբուն վրայ, ուրկէ, ըստ զրոյցներու, գիշերով անցնիլ ոմանք չէին համարձակեր։