Ընդլայնման հարցերով եւրոպական յանձնակատար Մարթա Քոսն ուրբաթ պիտի այցելէ Թուրքիա՝ Ուքրանիոյ շուրջ բանակցութիւններու շրջածիրէն ներս՝ հաղորդած է Politico-ն։
Անոր խօսքով՝ Եւրոպայի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան ուղին կ՚ենթադրէ Թուրքիոյ հետ ամուր գործընկերութեան նախապատրաստում։
Պարբերականը նշած է, որ որպէս յարաբերութիւններու բարելաւման առաջին քայլ՝ Մարթա Քոսը պիտի մասնակցի Թուրքիոյ վերականգնուող ուժանիւթի ոլորտի մէջ ներդրումներ կատարելու համար նախատեսուած 200 միլիոն եւրո վարկային համաձայնագրի ստորագրման արարողութեան։
Մարթա Քոսը միաժամանակ ընդգծած է, որ իր ծրագիրները չեն ներառեր Անգարայի՝ Եւրոմիութեան միանալու շուրջ երկխօսութեան վերսկսումը, այլ «նուիրուած են կողմերու միջեւ վստահութեան վերականգնման» եւ «տնտեսական յարաբերութիւններու» հարցին։
Politico-ն նշած է, որ Թուրքիան հետաքրքրուած է Եւրոպական Միութեան հետ 1995-ին ստորագրուած մաքսային միութեան համաձայնագրի բարելաւմամբ։