image
Հրատապ լուրեր:

Կիւմրեցի պատանին կարիքն ունի մեր աջակցութեան

Կիւմրեցի պատանին կարիքն ունի մեր աջակցութեան

Կիւմրեցի պատանին կարիքն ունի մեր աջակցութեան։ Այս մասին կը կարդանք համացանցի վրայ տարածուած լուրէն։

Ստորեւ «Արեւելք»ի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք այդ մասին տարածուած լրատւութիւնը՝ 

Խնդրենք աջակցիլ 11 տարեկան Գէորգ Տեփոյանին։

Այս պահուն հաւաքուած է 142.000 դրամ։ Գումարը տակաւին բաւարար չէ, ուստի կը խնդրենք եւս մէկ անգամ տարածել օգնութեան այս աղերսագիրը։

Գէորգ Տեփոեան կ՛ապրի Կիւմրիի Վահրամաբերդ գիւղը։ Ան վաղաժամ ծնած է եւ ծնած օրուընէ ի վեր առողջական լուրջ խնդիրներ ունի։ Տարիներ շարունակ ենթարկուած է տարբեր բուժումներու՝ արիւնի, լեարդի եւ այլ հիւանդութիւններու պատճառով։

2022 թուականին, անկումէ մը ետք կատարուած բժշկական հետազօտութիւնները պարզած են, որ ունի ոսկրային չարորակ ուռուցք։ Բուժում ստացած է եւ կը շարունակէ ստանալ Հայաստանի զանազան բժշկական կեդրոններու մէջ՝ մասամբ պետական պատուէրի, մասամբ վճարովի հիմունքներով։

Ներկայիս ունի նաեւ լսողութեան խնդիր, դժուարութեամբ կը խօսի, եւ բուժումներուն զուգահեռ կը յաճախէ լոգոպետի եւ հոգեբանի։

Գէորգի մայրը՝ Լենան (Ճաւահիր), առանձինն կը խնամէ իր որդին։ Ինք եւս ունի առողջական խնդիրներ եւ կ՛աշխատի գիւղատնտեսական աշխատանքներով։ Ընտանիքը կը գտնուի ընկերային ծանր պայմաններու մէջ։

Թէեւ բուժումներուն մեծ մասը կը ֆինանսաւորուի պետութեան կողմէ, սակայն ընտանիքը անկարող է հոգալ դեղորայքի, սնունդի, ճամբորդածախսի (Երեւան յաճախակի երթեւեկելու), վառելափայտի եւ այլ կենսական ծախսերու բեռը։

Անհրաժեշտ է մօտաւորապէս 700.000 դրամի աջակցութիւն։

Փոխանցումներ կարելի է կատարել՝

UNIBANK

Քարտ՝ 4374 6901 0096 7296

Ստացող՝ Javahir Tepoyan

IDram՝ 656480293

Մօր հեռախօսահամար՝ 093 894 913

Ֆէյսպուքեան էջ՝ Lena Tepoyan

Բժշկական բոլոր փաստաթուղթերը պիտի տեղադրուին մեկնաբանութիւններուն մէջ՝ յղումով։