Երեւանի մէջ այսօր՝ 20 մայիսին, ժամը 19:30-ին տեղի պիտի ունենայ «Ներկայ» տիզայնի տաղաւարի բացումը: «Ներկայ» տաղաւարը արդի հարթակ է նորայայտ եւ արդէն ճանաչում ունեցող տիզայրներու համար: Առաջին միջոցառումը տեղի պիտի ունենայ Երեւանի մէջ եւ պիտի շարունակուի 10 օր՝ մայիսի 20-էն 30-ը:
Տաղաւարը նպատակ ունի տարածել եւ ներկայացնել հայկական ժամանակակից տիզայնը եւ ճանաչելի դարձնել սփիւռքի եւ հայաստանաբնակ հայ տիզայնրները: Վաճառք-ցուցահանդէսին պիտի ներկայացուին նորաձեւութեան, զարդարուեստի, գծանկարչական արուեստի, լուսանկարչութեան եւ տնային պարագաներու նոր գործեր: