Այս բոլորը մտաբերեցինք երբ հետեւեցանք «Լոյս» հեռուստաէկրանի սփռած Նաւասարդեան խաղերու մրցանակաբաշխման հանդէսին։ Ցաւով նկատեցինք թէ այդ միջոցառման ընթացքին հայկական ոչ մէկ շունչ, ոչ մէկ ոգի կար եւ նաեւ հայերէնով ոչ մի բառ հնչեց։
Երկու հաղորդավարներ Գարոլին Մամիկոնեան եւ Սարօ Պենկլիեան ամբողջ մրցանակատուուչութեան ընթացքին զգուշութեամբ շրջանցեցին հայերէնը։ Մրցանակատուուչութեան յաջորդեց երգչուհի Հանտէ Եէների համերգը։ Յաջորդ օր ընկերային ցանցերու մէջ տարածուող տեսանիւթերը աւելի յստակօրէն պարզեցին միջոցառման մակարդակը։
Նախորդ շաբաթ «Մենք ու մերոնք»ի խորհրդակցութեան մէջ անդրադարձած էին ազգային գիտակցութեան նիւթին։ Նոյնիսկ նշած էինք, որ այդ ազգային նախածանցի մաս ստացած բազմագիւտ գործածութիւններէն մէկն էր այն։
Յաջորդող օրերը կրկին անգամ թելադրեցին այդ մասին մտածել։
Երկար տարիներ առաջ էր, երբ երջանկայիշատակ Մեսրոպ Բ. Պատրիարք առաջին անգամ յղացաւ Նաւասարդեան խաղեր կազմակերպել Գնալը կղզիի մէջ։ Ան դիտել կու տար թէ Նաւասարդեան խաղերը խիստ նմանութիւն ունին յունական ողիմպիական խաղերուն հետ, ու կը նշուէին արքունի հովանաւորութեամբ։
Նշենք թէ նոյն Մեսրոպ Բ. Պատրիարքը առաջին մտայղացողներէն էր Թարգմանչաց Տօնի առթիւ մշակութային միջոցառումներու կազմակերպման։
Ափսոս որ թէ Թարգմանչաց յիշատակման շաբաթի համար նախատեսուած միջոցառումները եւ թէ Նաւասարդեան խաղերը չունեցան որոշ հետեւողականութիւն ։ Կը յիշենք նաեւ թէ Պատրիարք սրբազանը տակաւին Սեպտեմբեր ամիսէն, նոյնիսկ աւելի կանուխ իր մօտ կը կանչէր սանուց միութիւններու վարչայինները եւ իրենց յորդորէր որոշ յոբելենական յիշատակումներ կամ նիւթեր։
Եթէ բացառութիւն համարենք Կեդրոնական վարժարանէ ներս տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեան Մարկոսեանի կամ Տատեան Վարժարանէ ներս նախկին տնօրէնուհի օրիորդ Հերմինէ Պենլիօղլուի ջանքերով հանրութեան մատուցուած գեղարուեստական ու մշակութային ձեռնարկները, կարելի է ըսել թէ պոլսահայ համայնքը իր կառոյցներով չէ կրցած յաջողիլ Մեսրոպ Պատրիարքի երազանքին արժանի կերպով արձագանգ հանդիսանալ։
Սանուց միութիւնները միայն մէկ կամ երկու բացառութիւնով առհասարակ կորսնցուցած են իրենց առաքելութիւնը։ Իսկ պոլսահայոց երկու մարզակումբներն ալ բացի մարզական գետնի վրայ իրենց մատնուած անբաւարարութենէ, հասարակութեան հետ շփուելու համար ունին միակ միջոց մը, որն է Գնալը կղզիի լողաւազանի մօտ սարքած ճաշկերոյթները։
Այս բոլորը մտաբերեցինք երբ հետեւեցանք «Լոյս» հեռուստաէկրանի սփռած Նաւասարդեան խաղերու մրցանակաբաշխման հանդէսին։ Ցաւով նկատեցինք թէ այդ միջոցառման ընթացքին հայկական ոչ մէկ շունչ, ոչ մէկ ոգի կար եւ նաեւ հայերէնով ոչ մի բառ հնչեց։
Երկու հաղորդավարներ Գարոլին Մամիկոնեան եւ Սարօ Պենկլիեան ամբողջ մրցանակատուուչութեան ընթացքին զգուշութեամբ շրջանցեցին հայերէնը։ Մրցանակատուուչութեան յաջորդեց երգչուհի Հանտէ Եէների համերգը։ Յաջորդ օր ընկերային ցանցերու մէջ տարածուող տեսանիւթերը աւելի յստակօրէն պարզեցին միջոցառման մակարդակը։
Արդեօք յոռետեսութիւն պիտի համարուի այս բոլորը դիտելով եթէ ըսենք «Այս մենք ենք ու վերջ»։
Նորէն ալ յոյսը վառ պահենք եւ գիտնանք թէ այս շրջանն ալ հասնի իր աւարտին եւ կրկինք անգամ կը վերապրինք զարթօնքի նոր շրջան մը, որ կ՚ամրացնէ մեր նախ անհատական ու ապա հետզհետէ համայնքին ու վերջապէս ազգային գիտակցութիւնը։
Բագրատ Էսդուգեան
pakrates@yahoo.com
«Ակօս»