Դպրոցները պէտք է արեւմտահայերէնը դարձնեն ուսումնական ծրագիրի կարեւոր մէկ մասը, տալով անոր առաջնահերթութիւն եւ ապահովեն, որ աշակերտները հասկնան անոր նշանակութիւնը՝ ոչ միայն որպէս լեզուական գործիք, այլ՝ որպէս իրենց պատմութիւնն ու ինքնութիւնը հասկանալու միջոց։
Արեւմտահայերէնը պահպանելու համար հայկական դպրոցները ինչպէս սփիւռքի մէջ, այնպէս ալ Հայաստանի մէջ պէտք է կեդրոնական դեր խաղան։ Անոնք մեծ դեր ունին արեւմտահայերէնի պահպանման գործին մէջ, որոնք կրնան միջոցներ տրամադրել աշակերտներուն՝ արեւմտահայերէն սորվելու եւ օգտագործելու համար։ Մանաւանդ որ ներկայիս Հայաստանի մէջ բնակող արեւմտահայերու թիւը բաւական աճ արձանագրած է:
Ամերիկահայ գործիչ, կրթական մշակ՝ Յարութ Մկրտիչեան կը գրէ՝
Արեւմտահայերէնը կանգնած է լուրջ վտանգի առջեւ։ Այս բարբառը, որ հիմնականին մէջ կը խօսին Հայոց ցեղասպանութիւնէն վերապրած սերունդները, կարեւոր բաղկացուցիչ է հայկական մշակութային եւ պատմական ինքնութեան։ Ձուլման եւ արտագաղթի հետեւանքով, մայրենի լեզուով խօսող հայերու թիւի նուազումը եւ փրկելու ուղութեամբ պատկան մարմիններու անտարբերութեան պատճառով, արեւմտահայերէնը գրեթէ մահամերձ վիճակի մէջ է։ Կարեւոր է հասկնալ եւ ախտաճանաչանել այս երեւոյթին տուն տուող պատճառները եւ քայլեր ձեռնարկել զայն պահպանելու եւ ապագայ սերունդներուն համար զօրաւոր մշակութային կապը պահելու նպատակով։
Արեւմտահայերէնի նահանջին հիմնական պատճառներէն մէկը մեր ժողովուրդին սփիւռքայնացումն է։ Սփիւռքի նոր պայմաններուն յարմարելու ընթացքին, շատեր աստիճանաբար ձուլուեցան իրենց ապրած երկրի մշակոյթին մէջ, ինչ որ պատճառ դարձաւ մայրենի լեզուին գործածութեան նուազման։ Բացի այդ, սերունդէ սերունդ լեզուի փոխանցումը թուլացած է, որովհետեւ սփիւռքի հայ երիտասարդները սկսած են աւելի շատ հաղորդակցիլ իրենց բնակած երկրի լեզուով, որ կը նշանակէ թէ աւելի քիչ թիւով երեխաներ տան մէջ արեւմտահայերէն կը խօսին կամ կը սորվին, որ իր կարգին կը նպաստէ ընդհանուր առմամբ հայերէնի նահանջին:
Արեւմտահայերէնի պահպանումը պարզապէս լեզու փրկելու խնդիր չէ. այլ՝ հարուստ մշակութային եւ պատմական ժառանգութեան պահպանման խնդիր է, որովհետեւ ան կը պարունակէ դարերու պատմութիւն, գրականութիւն, Մեսրոպեան ուղղագրութեան պահպանում, եւ աւանդութիւններ։ Նաեւ՝ փաստ է որ արեւմտահայերէնը անհայրենիք լեզու է եւ իբրեւ այդպիսին պահանջատիրութեան ոգին կայ անոր մէջ։ Եթէ արեւմտահայերէնը գոյութիւն ունենալէ դադրի, կը կորսուի նաեւ ցեղասպանութիւնէն վերապրած եւ սփիւռքի մէջ իրենց կեանքը վերականգնած հայերու եզակի նուաճումներն ու պատմութիւնը։ Հետեւաբար, լեզուի պահպանումը ազգային եւ մշակութային գոյատեւման հարց է՝ ինչպէս նաեւ ապագայ սերունդներու համար հայկական ինքնութեան կապը պահելու միջոց։
Կասկած չկայ, որ սփիւռքի մէջ հայկական դպրոցները, մանաւանդ հայերէնի եւ հայոց պատմութեան ուսուցիչները գերմարդկային ջանք ի գործ կը դնեն արեւմտահայերէնը կենդանի պահելու համար: Սակայն, այդ ջանքերուն արդիւնքը ցոյց կուտայ որ անոնք բաւարար չեն: Դպրոցները պէտք է արեւմտահայերէնը դարձնեն ուսումնական ծրագիրի կարեւոր մէկ մասը, տալով անոր առաջնահերթութիւն եւ ապահովեն, որ աշակերտները հասկնան անոր նշանակութիւնը՝ ոչ միայն որպէս լեզուական գործիք, այլ՝ որպէս իրենց պատմութիւնն ու ինքնութիւնը հասկանալու միջոց։
Արեւմտահայերէնը պահպանելու համար հայկական դպրոցները ինչպէս սփիւռքի մէջ, այնպէս ալ Հայաստանի մէջ պէտք է կեդրոնական դեր խաղան։ Անոնք մեծ դեր ունին արեւմտահայերէնի պահպանման գործին մէջ, որոնք կրնան միջոցներ տրամադրել աշակերտներուն՝ արեւմտահայերէն սորվելու եւ օգտագործելու համար։ Մանաւանդ որ ներկայիս Հայաստանի մէջ բնակող արեւմտահայերու թիւը բաւական աճ արձանագրած է:
Կրթական ծրագիրները կրնան մշակուիլ՝ արեւմտահայերէն բարբառի մասին հետաքրքրութիւն ստեղծելու եւ իրազեկ դարձնելու աշակերտները անոր մշակութային ներդրումներու եւ պատմական նշանակութեան։ Արեւմտահայերէնը ուսումնական ծրագիրին մէջ ներառելով՝ հայկական դպրոցները կրնան նպաստել աշխարհասփիւռ հայերու միջեւ միասնութեան զգացումի ձեւաւորման եւ նպաստել լեզուի գոյատեւման։
Հայաստանի կառավարութիւնն ու սփիւռքի կազմակերպութիւնները նոյնպէս պէտք է գործնական քայլեր ձեռնարկեն արեւմտահայերէնի պահպանման ուղղութեամբ։
Շարւնակելի: