Օրերս, Երեւանի մէջ լոյս տեսած է Քարլօ Գինզբուրգի «Պանիրն ու որդերը․ ԺԶ դարու ջաղացպանի մը տիեզերքը» գիրքին արեւմտահայերէն թարգմանութիւնը։ Այն կը հանդիսանայ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքի ձեռնարկած թարգմանական մատենաշարի նախագիծին երկրորդ փուլին առաջին գիրքը։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ «Ազդակ» օրաթերթէն, որ մասնաւորապէս գրած է՝
Լոյս տեսած է Քարլօ Գինզբուրգի «Պանիրն ու որդերը․ ԺԶ դարու ջաղացպանի մը տիեզերքը» գիրքին արեւմտահայերէն թարգմանութիւնը։
Գիրքը մաս կը կազմէ «Գալուստ Կիւլպէնկեան թարգմանական մատենաշար»-ին եւ նախագիծին երկրորդ փուլին առաջին գիրքն է։
Գիրքին շնորհանդէսը տեղի ունեցաւ սեպտեմբերին Հայաստանի մէջ, «From Menocchio to Manuzzi: Conversations on Microhistory and the Global» միջազգային գիտաժողովին ընթացքին, հեղինակին՝ Քարլօ Գինզբուրգի ներկայութեամբ։ Գիտաժողովը նուիրուած էր մանրապատմութեան եւ անոր կարեւորութեան։
Թարգմանիչ՝ Մինաս Լուռեան.
հրատարակիչ՝ Անտարես։