image

ՔՊ, «Հայաստան» դաշինք, ԴՕԿ. որոնք պիտի մտնեն Ազգային Ժողով, եթէ կիրակի ընտրութիւններ ըլլան. հարցում

ՔՊ, «Հայաստան» դաշինք, ԴՕԿ. որոնք պիտի մտնեն Ազգային Ժողով, եթէ կիրակի ընտրութիւններ ըլլան. հարցում

«GALLUP»-ը  հրապարակած է կատարած հարցումներու տուեալները:

Հարցին՝ եթէ առաջիկայ կիրակի օրը խորհրդարանական ընտրութիւններ ըլլան, որ կուսակցութեան կամ դաշինքի օգտին կը քուէարկէին, քաղաքացիները պատասխանած են հետեւեալ կերպ:

«Քաղաքացիական պայմանագրի» օգտին կը քուէարկէ քաղաքացիներու 16%-ը, «Հայաստան» դաշինքի օգտին՝ 6.4%-ը,  ԴՕԿ-ի օգտին՝ 5,9%-ը, «Բարգաւաճ Հայաստան»-ի օգտին 2,2%-ը,  «Պատիւ ունեմ» դաշինքի օգտին՝ 2,1%-ը, «Հանրապետութիւն» կուսակցութեան օգտին՝ 1,5%-ը, «Քրիստոնեայ-ժողովրդավարական» կուսակցութեան օգտին ՝ 0.3%-ը,  «Լուսաւոր Հայաստան»ի օգտին  0,3%-ը, «Ապրելու երկիր» կուսակցութեան օգտին՝  0,2%-ը, Ազգային ժողովրդավարական բեւեռի օգտին ՝ 0,2%-ը, այլ՝ 1,2%-ը: 

Հարցուածներու 30,1%-ը, նշած է, որ  չի մասնակցիր ընտրութիւններուն, 17,1%-ը դժուարացած է պատասխանել: Հարցին հրաժարած է պատասխանել  11,5%-ը, «ոչ մէկու օգտին պատասխանած է  հարցուածներու 4,6 %-ը: