image

Կեդր. Վարչութեան Ատենապետ Յակոբ Խաչերեանի ներկայութեամբ Հալէպի մէջ նշուեցաւ ՀՄԸՄ-ի հիմնադրման 106-ամեակը

Կեդր. Վարչութեան Ատենապետ Յակոբ Խաչերեանի ներկայութեամբ Հալէպի մէջ նշուեցաւ ՀՄԸՄ-ի հիմնադրման 106-ամեակը

Հալէպի մէջ, օրերս, կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան, տեղի ունեցած է Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան հիմնադրութեան 106-ամեակին նուիրուած  տօնակատարութիւն։

Տօնակատարութեան բանախօսն էր՝ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ` Յակոբ Խաչերեան։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Հալէպի «Գանձասար»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի, նախագահութեամբ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ` եղբ. Յակոբ Խաչերեանի,  կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան, Կիրակի, 3 Նոյեմբեր 2024-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Գ. Եսայեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան հիմնադրութեան 106-ամեակին նուիրուած  տօնակատարութիւն։

Սոյն հանդիսութեան ներկայ էին Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ․ Տէր Մակար Սրբ․ Արք․ Աշգարեան, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի պետ Վերապատուելի դոկտ․ Յարութիւն Սելիմեան, Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդի ներկայացուցիչ Հոգշ. Տ. Կոմիտաս Վրդ. Տատաղլեան, Պատկան Մարմնի ներկայացուցիչը, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային Վարչութեան եւ Կրօնական Ժողովի անդամներ, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ`եղբ. Յակոբ Խաչերեան, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբ. Աւետիս Տէրվիշեան, ՀՕՄ-ի կեդրոնական Վարչութեան անդամ` ընկհ. Սիրան Ամպարճեան, մշակութային, մարզական, բարեսիրական միութիւններու եւ կրթական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ եւ  ՀՄԸՄ-ական քոյրեր ու եղբայրներ:

Հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ Սուրիոյ, Հայաստանի եւ Արցախի  քայլերգներով, դաշնամուրի կատարողութեամբ՝ Լիզէթ Սէրայտարեան-Աւընեանի: Օրուան հանդիսավարներն էին Շրջանային Վարչութեան ատենադպրուհի Անի Մինասեանն ու Շրջանային Սկաուտ Խորհուրդի անդամ Վանենի Մինասեան-Պէպէճեանը։ Հայերէն եւ արաբերէն  բացման խօսք արտասանեց Շրջանային Վարչութեան անդամ եղբ. Աբիկ Խաչոյեանը։ Ան յայտնեց, թէ  ՀՄԸՄ-ի շնորհիւ իր հիմնադիրներու անձնազոհութեան, կամքին ու հաւատքին`անցնող տասնամեակներուն դաստիարակեց մարդկային ու ազգային վեհ գաղափարներով տոգորուած երիտասարդներ, որոնք կը շարունակեն իրենց վստահուած հայապահպանումի առաքելութիւնը։ Ապա ան նշեց, թէ Միութիւնը այսօր կը դիմագրաւէ բազմաթիւ մարտահրաւէրներ եւ կը պայքարի այլասերումի ու օտարացումի վտանգներուն  դէմ, սակայն շնորհիւ ՀՄԸՄ-ականներու բարձր գիտակցութեան, հասակ պիտի առնեն վեհ սկզբունքներով օժտուած նորահաս սերունդներ։

Հանդիսատեսները հետեւեցան ՀՄԸՄ-ի, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ 5 մասնաճիւղերու հիմնադրութեան պատմութիւնները ներկայացնող տեսերիզի մը, որ պատրաստուած էր Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան անդամ` քոյր Նայիրի Ազարիկեան-Արոյեանի կողմէ։ Գեղարուեստական յայտագրով ներկայացուեցաւ փունջ մը ազգային երգեր, կատարողութեամբ Համազգայինի <<Զուարթնոց>> երգչախումբին, խմբավարութեամբ՝ Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեանի։  Ապա, Մկօ Ղազարեան (դաշնամուր) եւ  Շողեր Տէր Յովհաննէսեան (ջութակ) ներկայացուցին Արա Գէորգեանի <<Արցախ>>-ը։ Արինա Պօշկէզէնեան,  Աննա Պետրոսեան եւ  Համազասպ Շաքարեան ասմունքեցին Մուշեղ Իշխանի <<Երգ շքերթի>> եւ Ժագ Յակոբեանի <<Յաղթերգութիւն>> քերթուածները։ Ասմունքի պատրաստութեան հսկեց Արա Մութաֆեան։

Տօնակատարութեան բանախօսն էր՝ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ` Յակոբ Խաչերեան, որ երախտագիտութեան իր գնահատանքը յայտնեց Սուրիոյ արաբ ժողովուրդին եւ անոր ողջամիտ ղեկավարութեան, որոնց նախնիները եւ իրենց զաւակները գրկաբաց եւ սիրով, գորովագին ընդունեցին Հայոց Ցեղասպանութենէն փրկուած անտուն, անօգնական, յուսաբեկ, որդակորոյս, որբ, սովէ ու ծարաւէ փրկուած մեր պապիկներն ու մամիկները, հայրերն ու մայրերը, որոնք այս երկրին մէջ, յատկապէս այս քաղաքին մէջ ապաստան ու պատսպարան գտան եւ տարիներու ընթացքին նախ շտկեցին իրենց ողնասիւնը, անգամ մը եւս բարձրացուցին իրենց ճակատը, վերակազմեցին իրենց տաքուկ բոյներն ու ընտանիքները, կառուցեցին դպրոց, եկեղեցի, հաւաքավայր՝ պահելու համար Մեսրոպեան տառերով հայոց լեզուն, Գրիգոր Լուսաւորիչի շունչով աղօթքը, Հայկ Նահապետի եւ Արամ Մանուկեանի կորովով արձանագրուած հայոց պատմութիւնը։

Եղբ. Խաչերեան հաստատեց, թէ 106- տարեկան ՀՄԸՄ-ը, հակառակ բոլոր հալածանքներուն եւ խոչընդոտներուն, աննահանջ կերպով կը շարունակէ իր փառահեղ երթը, որուն իրագործման մէջ գլխաւոր դերակատարութիւն վերցուցած է ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ կառոյցը, որ տասնամեակներ շարունակ իր կազմակերպական բծախնդրութեամբ, անսակարկ ծառայութեամբ, անշեղ սկզբունքայնութեամբ, գիտակից իր շարքերով մղիչ ոյժ հանդիսացած է Միութեան երթի յաջող ընթացքին։

Կեդր. Վարչութեան ատենապետը Զարեհ Ա. Կաթողիկոսի ՀՄԸՄ-ի մասին արտասանած պատգամը մէջբերելով, հաստատեց, թէ ՀՄԸՄ-ը հաւատարիմ կը մնայ Վեհափառ Հայրապետի պատգամին, մասնաւորապէս ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ շրջանը, որուն միջնաբերդը հիմնողներուն, պարիսպները քար առ քար բարձրացնողներուն եւ մինչեւ օրս զայն անառիկ պահողներուն անսակարկ ծառայութիւնը գնահատեց։  

Ան յարգանքով յիշեց Միութեան նահատակները, Սահակ Նալպանտեանէն մինչեւ Ռաֆֆի Պչաքճեան, Շուշիի ինքնապաշտպանական մարտերուն նահատակուած հալէպահայ հերոսներ Յարութ Բանոյեանը, Յակոբ Ասթարճեանը եւ Մոսիկ Սէքլէմեանը, որոնց հոգիները կ՚ապրին ապրողներու հոգիներուն մէջ։

Անդրադառնալով հայրենիքի ներկայ իրավիճակին, եղբ. Խաչերեան, յայտնեց, թէ որպէս ազգի ու հայրենիքի գերադաս արժէքները դաւանող ՀՄԸՄ.-ականներ, պիտի չհաշտուինք դաւաճանական պարտութեան հետ, կառչած պիտի մնանք մեր ազգային արմատներուն, պատուով պիտի շարունակենք մեր ազգանուէր եւ հայրենանուէր առաքելութիւնը, անհպելի պիտի պահենք մեր ազգային արժեհամակարգը՝ լեզուն, կրօնքը, մշակոյթը, ընտանիքը, պատմութիւնը եւ բարքերը, բուռն կերպով պիտի պայքարինք կառոյցներ կազմաքանդող համաշխարհայնացման ալիքներուն ու աղանդաւորական հոսանքներուն դէմ եւ պատրաստ ըլլանք երբ տայ զանգը, ահազանգը, շարժելու դէպի Արցախ, Տիգրանակերտ, Մուշ, Պայազիտ ու Վան, որպէսզի մեր հոգիին պարտքը տանք։

ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան խօսքը արտասանեց Շրջանային Վարչութեան ատենապետ` եղբ. Յարութ Օգճեան: Ան նախ անդրադարձաւ 106 ամեայ ՀՄԸՄ-ի փառքին ու փայլուն յաղթանակներուն, ապա մատնանշեց մարմնամարզի կողքին Միութեան ունեցած կարեւոր դերը հայեցի դաստիարակութիւն ջամբելու նոր սերուդին մէջ։

Այնուհետեւ, բեմ հրաւիրուեցան Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ` Յակոբ Խաչերեանը, Կեդրոնական Վարչութեան անդամ` եղբ. Աւետիս Տէրվիշեանն ու Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան ատենապետ` եղբ. Յարութ Օգճեանը կատարելու Ծառայութեան շքանշանի տուչութիւն տարիներու ծառայութիւն ունեցող հետեւեալ ՀՄԸՄ- ականներուն.-

Եղբ. Հայկազ Ասատուրեանի
Եղբ. Պատրիք Չրաքեանի
Եղբ. Վիգէն Մարաշլեանի
Քոյր Մարիա Սէրայտարեանի
Եղբ. Խոսրով Մանսուրեանի
Եղբ. Սուրէն Մանսուրեանի
Եղբ. Յարութ Ղազարեանի
Եղբ. Զաքար Ղազարեանի
Եղբ. Ռաֆֆի Նազարեանի (յետ մահու)։

Այնուհետեւ Շրջ. Վարչութեան անունով Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետին փոխանցուեցաւ յուշանուէրներ։

Հանդիսութեան աւարտին իր սրտի խօսքը արտասանեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը։ Ան դիտել տուաւ, որ ամեակները ուրախութեան առիթ ըլլալու կողքին նաեւ խթան հանդիսացող ազդակներ են, որոնք կու գան իւրաքանչիւրը ինքնաքննութեան ենթարկելու, նախնիներուն հանդէպ երախտագիտութիւն ցուցաբերելու եւ արժեւորելու այն աշխատանքը, որ տարիներու ընթացքին կատարուած է եւ նոյն կերպով հաւատարիմ մնալով՝ Միութեան ջահը կրած ընդառաջ երթալու եւ զայն փոխանցելու յաջորդ սերունդին։

Սրբազան Հայրը նշեց, թէ ՀՄԸՄ-ի «Բարձրացի՛ր-Բարձրացո՛ւր» նշանաբանը, որ կ՚արձագանգէ դար մը եւ աւելի, կ՚արտայայտէ անձնդիր ծառայութիւնը անոր անդամներուն՝ սրբազան առաքելութիւն ունենալով հայակերտումի, ազգակերտումի, սերունդներ պատրաստելու եւ զանոնք առաջնորդելու ազգին, ժողովուրդին եւ հայրենիքին հանդէպ հաւատարմութեամբ գործելու։

Սրբազան Հայրը գնահատեց ՀՄԸՄ-ի Կեդր. Վարչութիւնը, հանդիսութիւնը կազմակերպողները, ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքը եւ ՀՄԸՄ-ական զաւակները եւ մաղթեց, որ շարունակեն Միութեան երթը՝ պայծառացնելով հայ ժողովուրդին կեանքը։

Հանդիսութիւնը փակուեցաւ <<Յառաջ Նահատակ>> քայլերգով։