Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը կը տեղեկացնէ, որ բրիտանական առաջատար լրատուամիջոցներու («The Guardian», «The Spectator», «The Telegraph» եւ այլն) ներկայացուցիչները Հայաստան կատարած այցի շրջածիրէն ներս նոյեմբեր 7-ին այցելած են նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր եւ թանգարան:
Թանգարան-հիմնարկի թանգարանային աշխատանքներու գծով փոխտնօրէն Լուսինէ Աբրահամեանը հիւրերուն ներկայացուցած է յուշահամալիրի ստեղծման պատմութիւնը, անդրադարձ կատարած է նաեւ Ծիծեռնակաբերդի տարածքին մէջ անցեալ դարավերջին Ատրպէյճանի Սումկայիթ, Կիրովապատ (Գանձակ), Պաքու քաղաքներուն մէջ ատրպէյճանական կառավարութեան կազմակերպած կոտորածներուն զոհ գացած հայերու յիշատակին տեղադրուած երեք խաչքարերու եւ Արցախեան գոյամարտի տարիներուն Յուշապատի դիմացի հատուածին մէջ յուղարկաւորուած հինգ ազատամարտիկներու պատմութիւններուն՝ շեշտելով կապը տեղի ունեցածի եւ Հայոց ցեղասպանութեան միջեւ:
Հիւրերն անմար կրակի մօտ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգած են Հայոց ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակը: