Ամսթըրտամի մէջ յարձակած են իսրայէլեան «Մաքապի» ֆութպոլային ակումբի երկրպագուներու վրայ, որոնք կը մրցէին տեղական «Այաքսի» հետ Եւրոպայի լիկային մէջ:
Համացանցի մէջ հրապարակուած տեսանիւթերուն մէջ կ՚երեւի, թէ ինչպէս դիմակաւորուած անձինք կը փորձեն ներխուժել հիւրանոցներ, ուր տեղաւորուած են իսրայէլցի երկրպագուները:
Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն պահանջած է երկու օդանաւ ուղարկել Ամսթըրտամ՝ «հակաիսրայէլեան ամբոխի» յարձակումէն ետք իսրայէլցի երկրպագուները այնտեղէն հայրենիք վերադարձնելու համար:
Ամսթըրտամի քաղաքապետը կարգադրած է ոստիկանական ուժեր ուղարկել բախումներու գօտի։
Ynet հարթակը, յղում ընելով Իսրայէլի Արտաքին գործոց նախարարութեան, յայտնած է, որ տուժած է առնուազն 10 իսրայէլցի: