Թորգոմ Արք. Տօնոյեանի եռահատորին առթիւ
Արեւմտեան Ամերիկայի հայոց թեմի առաջնորդական իր պաշտօնով անձնդիր ծառայութեան նուիրուած երեք տարիներու ընթացքին, Թորգոմ արք. Տօնոյեանի հոգեւոր, եկեղեցական, ազգային եւ յատկապէս երիտասարդութիւնը ներգրաւող գրութիւններու հոյլ է սոյն եռահատոր հրատարակութիւնը, 2024 թուին լոյս ընծայուած: Առաջնորդական ծառայութեան կարճ ժամանակահատուած, առ այժմ, որ ժամանակաւորը երկարաժամկէտին հետ փոխանակեց, անասելի արագութեամբ:
Սրբազանին երախայրիքը հանդիսացող եւ իր երիտասարդ տարիքին ծանրաբեռն էջերով հարուստ սոյն հատորները, մտքի վառ արտայայտութիւններով եւ պատասխանատուութեան զգացումներով լեցուն են, հայ եկեղեցին այժմէականացնող իւրայատուկ մօտեցումներով: Խմբագրական աշխատանքով իր կարեւոր ներդրումն է ունեցած՝ յայտնի մտաւորական եւ հայագիտական նպաստաւոր գործունէութիւն ծաւալող Սեդա Գրիգորեանը: Երեք հատորներու պարագային ալ առաջնորդող խօսքերը, յատուկ լուսաբանութիւններ ունին հեղինակի գրական տողերուն մասին:
Լոյսով առաջնորդուող երեք հատորները հպարտութեամբ կը կրեն ուղենիշը, արարչագործութեան առաջին հրաշքը՝ լոյսը ունենալով մտածումներու գլխաւոր ճանապարհ. «Լո՜յս իմաստութիւն, Իմաստութի՜ւն Լոյս»: Եռահատոր հրատարակութեան մտածողութեան խտութիւնն է այս, որ կը գծէ հեղինակին մտաւորական ուղին, հեռակայ պատկերացումները, եւ մանաւանդ ազգային ապրումներու մարտահրաւէրները:
Առաջին հատորը՝ «Պատգամներ, Գիրեր Օրհնութեան Եւ Գնահատանքի, Ասք Առաջնորդական» խորագրով, կը բաղկանայ 211 էջերէ, որոնք զանազան առիթներով իր հօտը հովուական ուղղութեամբ ղեկավարելու բացառիկ պատկերացում մը կու տան: Տօնական առիթները, հոգեւորականի պատգամաբեր ըլլալուն եւ իր հօտը դէպի Աստուած, դէպի եկեղեցի եւ դէպի ազգային միասնականութիւն առաջնորդելու պարտաւորութիւն իբրեւ, բացայայտ տողերով արտայայտութիւն գտած է Թորգոմ սրբազանին գրութիւններուն մէջ, որոնք մտածումներու հոյլէն բացի, գրական, պատկերաւոր մօտեցումներ են, արդի գրականութեան բոյրով լիացած:
Քարոզական պատգամներու խմբաւորումը հոգեւորականի առաջնահերթ ուղին հանդիսանալէ ետք, առաջնորդարական գնահատագրերով, օրհնութեան գիրերով եւ մեծարանքներով հարուստ երկրորդ մասը առաջին հատորին, այն հարստացուցած է ապրումներու աշխարհով, իւրաքանչիւր առիթը մտածումներով ծանրաբեռնած ու ծաղկազարդած:
Հայ դպրոցը, Կիրակնօրեայ վարժարանը, հաւաքական կեանքի կառոյցները, բոլորը ներկայ են, նորանոր մտածումներով վերանորոգուած եւ նոր կաղապարներու մէջ դրուած: Բոլորին ծանօթ այս կառոյցները նորոգութեան կարիք ունին բնականաբար: Թորգոմ սրբազան վերանորոգման երիտասարդական ուղի կը գծէ անոնց համար, իր ազգային նորանշանակ ծառայութեան խանդավառութիւնը նոր եռանդով վառուած ունենալով իր հոգիին մէջ:
Ուսուցչական ասպարէզի պաշտպանութեան ճիգը, միութենական ծառայութիւններու նուիրեալներուն կազմաւորումը՝ ՀՕՄ եւ այլ ազգային նմանօրինակ կառոյցներ, առաջնորդ սրբազանին համար ո՛չ թէ հեռակայ, այլ շատ մօտ ապագային իրագործելի պատկերացումներով ներկայացուած են հատորին էջերուն մէջ: Աւելին, ազգային տարբեր առիթներով, թեմի հովանաւորութեամբ տեղի ունեցած ժողովներու, հաւաքական կեանքի ուղղութիւնը կը ցուցնէ Թորգոմ սրբազան, Սփիւռքի վերակազմաւորման իր տեսակէտները պարզապէս բացայայտելով: Իր պատկերացմամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դերը մեծ է, սփիւռքահայութեան պահպանութեան ի խնդիր…: Ճշմարտութիւն, բացարձակ արժէքով. «Եկէք ձեռք-ձեռքի, սիրտ-սրտի քալենք միասին», կը պատուիրէ սրբազանը, եռանդագին ոգիով:
Բ. հատորը, որ եռահատորեակ տուփի կեդրոնական բաժինը կը գրաւէ, 129 էջերէ բաղկացած, «Հօտ Եւ Հովիւ» գլխակարգումով կ՛առաջնորդուի: Պատգամաբեր սրբազանն է հեղինակաւոր խօսնակը, իր հոգեւորական ծառայութիւնը ազգին ու եկեղեցւոյ ճամբով ճոխացած տեսնելու խոր ցանկութեամբ: Ինչո՞ւ կայ հոգեւորականը, եթէ իր հօտին սպասաւորը չէ: Հովիւ ըլլալու փափաքը, երկնատուր շնորհք է, որուն մասին լայնօրէն կարելի է իմանալ, կարդալով այն պատգամները, որոնք Թորգոմ սրբազանին սրտէն բխեր են, ի լուր իր ծառայած ժողովուրդին: Հայր Աստուած, Որդին եւ Սուրբ Հոգին ուղղութիւններ իբրեւ ներկայացուցած, հաւատքի ճանապարհը կը գծէ սրբազանը, հոգեւոր կեանքի հարթակը պարզած: Տիրոջ ապաւինողներուն երանի կու տայ ան, հաւատքի կշիռքը իր ձեռքին պահած: Կրօնական ու հոգեւոր կեանքի բացատրականը, յուզիչ բառերով կը ճշմարտէ սրբազանը, ամէնէն պարզ մօտեցումով արթնութեան կոչ ուղղելով հաւատացեալին, ինքնաքննադատութեան առողջ մտածումներով.
«Եկեղեցւոյ մէջ ֆիզիքապէս ներկայ ըլլալով հանդերձ, հոգիով բացակայ ըլլալ տաճարէն: Աղօթքը լսել, բայց աղօթքը չվերածել կեանքի որակի: Աստուածաշունչը կարդալ, բայց զայն հասկնալու կամքը չունենալ: Վիզէն խաչ կախել,կամ ունենալ ձեռքերու մէջ, բայց հեռու մնալ Խաչեալէն: Բաց աչքով նայիլ, բայց ճշմարտութիւնը տեսնելէ խուսափիլ: Ուժեղ ոտքերով անդադար քալել, բայց երբեք չհասնիլ: Քարոզիչ ըլլալ, բայց քարոզածին պէս չզգալ ու չապրիլ: Նեղութեան մէջ զԱստուած կանչել, բայց Աստուծոյ դիմաց սիրտը փակ պահել: Հպարտանալ իբր քրիստոնեայ, բայց պատուիրանները չգործադրել: Մարդ ըլլալ, բայց մարդկութեան արժէքները ոտքի տակ առնել: Հոգեւոր կեանք ապրիլ ուզել, բայց այդ ապրելակերպին չմօտենալ երբեք: Մէկ խօսքով՝ չապրիլ այն կեանքը, որ մարդ անհատը Քրիստոսով հրաւիրուած է ապրելու»:
Ահաւասիկ երեւոյթներ, որոնք սովորական կեանքի բերմամբ քրիստոնէական առօրեայէն հեռացած քրիստոնեայ մարդուն արթնութեան կոչ կ՛ուղղեն, անոր հոգւոյն մէջ հաւատքի աստիճանները վերականգնելու համար:
Գ. հատորը, շուրջ 100 էջ, տիրամօր հետ ողջագուրման օրինակելի պատկերով կը բացուի, մօր սէրն ու գուրգուրանքը արտայայտող՝ փոխադարձ ժպիտներու երկկողմանի անկեղծութեամբ շաղախուած: Խրատական տողերու այնպիսի էջեր կան այս բաժնին մէջ, որոնք սրբազանին երիտասարդական փորձառութիւնը գնահատանքի արժանի կը դարձնեն, նոր սերունդի հասակակիցներուն հանդէպ եղբայրական քաղցր մօտեցմամբ:
«Մենք՝ երէկուան մանուկներս, մեր ընտանեկան յարկին տակ սորված ենք մեր պահապան հրեշտակի գոյութեան մասին, մինչ անոր ներկայութիւնը մեր մահճակալին քով, մեր մայրերուն իսկ բացատրութեամբ, ինչպիսի՜ գորովով լեցուցած է մեր մանուկ հոգին։ Յատկապէս գիշերները, թերեւս անաւարտ զրոյցներ ունեցած ենք հետը, մինչեւ մեր քուն մտնելը: Չքնաղ էակ մը, որ լուսաւորած է մեր գիշերները իր սպիտակ փետուրէ թեւերով։ Ասոր նման որքա՜ն հաճելի, սրտառուչ ու անարատ պատմութիւններ կան հիւսուած մեզմէ շատերուն մանուկ յիշողութեան մէջ, պարզ այն պատճառով, որ հայկական աւանդութիւններու եւ սովորութիւններու պահպանման ամէնէն կարեւոր գործօնը հայ ընտանիքն է, իսկ հայ մանուկն ու պատանին հոգեւոր եւ ազգային արժէքներու մասին կը սորվի իր տան մէջ, եկեղեցի եւ դպրոց յաճախելէ առաջ, որովհետեւ ընտանի՛քն է հայ մանուկին առաջին եկեղեցին եւ դպրոցը, հայ պատանին դէպի կեանք առաջնորդող առաջին դուռը, վաղուան երիտասարդին անհատականութիւնը կազմաւորող ապահով խաղավայրն ու ինքնաճանաչման բեմը»։
Անկեղծութեան բառամթերքով ճոխացած տողերը սոյն Գ. հատորին, բնական զգացումներու արտացոլքն են: Սրտաբուխ արտայայտութիւններ, որոնք մօտաւոր անցեալի մանկութեան քաղցրագոյն յուշերը վերաթարմացուցած, պատմութեան կը կտակեն զանոնք, մնայուն յիշողութիւններու վերածելու համար:
Երանի՜ այն անձին, որուն մանկութիւնը երկարատեւ յուշի կը վերածուի, քանդակուելով անոր հոգիին խորքը…: Կեանքի փիլիսոփայութեան եւ յոյսի վերաբերեալ մտորումներու մէջ կ՛իյնայ սրբազանը, միշտ ձգտելով լոյսին, կեանքի աղբիւրին, յոյսի մեծ ակնկալիքով, որ մեր ազգին, մեր եկեղեցւոյ եւ իւրաքանչիւրս անհատին կը վերաբերի, այսօր եւ վաղը…:
«Կեանքի փիլիսոփայութիւնն է կառչիլ յոյսի նշոյլի մը, որպէսզի կարելի ըլլայ ապրիլ: Այդ յոյսը մեզ կը ներշնչէ Աստուած, երբ մեր հայեացքը բարձրացնենք դէպի Իրեն եւ աղօթք մը մրմնջանք: Հրաշքը չ՛ուշանար: Յոյսը անմիջապէս կը պատէ մեր հոգին, կը ծագի լոյս մեր ներսիդին: Պարզապէս պէտք է հաւատալ, որ յոյսը մեծօրհնեալ առաքինութիւն մըն է, սուրբ ոյժ Է, մաքուր եւ դրական էներժի (ուժ) է, որ սեփականութիւնն է միայն ողջերուն։ Անոր իմաստն է կենսաւորել, ապրիլ կեանքը՝ կառչած աստուածային յոյսին, միշտ ձգտիլ լոյսին՝ ամէնէն ծանր պահերու մէջ անգամ եւ արգասաւորել գալիք օրերը»։
Թող արգասաւորուի մեր հաւաքական կեանքը, աղօթքի մրմնջումով, հրաշքներու հիացական կատարմամբ եւ յոյսի ու լոյսի գրաւականով, որովհետեւ «Լո՜յս Իմաստութիւն, Իմաստութիւն Լո՜յս» եռահատորը երաշխիքն է սրբազան հեղինակին:
Մեր սիրելի սրբազան եղբօր գրչէն նոր հատորներ եւս հրատարակուած տեսնելու ակնկառոյց հայեացքով, նորանոր յաջողութիւններ կը մաղթենք, Աստուծոյ օրհնութեամբ եւ յարատեւ աղօթքով…:
Գրիգոր Արք. ՉիֆթճեանՃ
Առաջնորդ Ատրպատականի Հայոց Թեմի