Պոլսահայ լրագրող, մտաւորական Սեւան Նշանեանի դուստրը, փեսան եւ թոռնուհին մկրտուած են Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի Մայր տաճարին մէջ։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝
Հաճելի լուր մը ստացանք լրագրող Սեւան Նշանեանի ընտանիքէն։ Նշանեանի թոռնուհին, դուստը եւ փեսան 5 Նոյեմբերին մկրտուեցան Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի Մայր տաճարին մէջ։ Մկրտութիւնը կատարեց Յովնան Եպս. Յակոբեան, որ Գուգարաց թեմի Առաջնորդի պաշտօնը ստանձնած էր Քովիտի համաճարակի զոհ՝ Երջանկայիշատակ Սեպուհ Արք. Չուլճեանէն ետք։
Ընտանիքի մկրտութեան կնքահայր ու կնքամայր դարձան մեր համայնքէն՝ Սեզար եւ Ժանէթ Աւետիքեանները։
Կը շնորհաւորենք մկրտեալները՝ փոքրիկ Ալիսը, Իրիս Նշանեան-Վուրալն ու Գասպար Վուրալը եւ կը բաժնենք մեծհայր Սեւան Նշանեանի ու կողակցին՝ Հերա Ցուրուի ուրախութիւնը։