Օրերս Վենտեկի մէջ տեղի ունեցաւ ուշագրաւ համաժողով մը (Համաժողովը կազմակերպուած էր Մխիթարեան Միաբանութեան կողմէ) , որուն իր մասնակցութիւնը բերած է Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Գանատայի Կիլիկեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Բաբգէն արք. Չարեանը։ Սոյն ժողովին Սրբազան հօր կ՚ընկերանար Թեմի կարող միաբան հայրերէն՝ Հոգշ. Տ. Գեղարդ ծ.վրդ. Քիւսպէքեանը, որ հանդէս եկաւ բանախօսութեամբ։
Ասոր մասին իմացանք Թեմի դիմատետրեան էջէն։ Ստորեւ կը ներկայացնենք այդ լրատւութիւնը։
Մխիթարեան Միաբանութեան մայրավանքին մէջ, Վենետիկի Սուրբ Ղազար կղզիին վրայ, 31 Հոկտեբերէն մինչեւ 3 Նոյեմբեր տեղի ունեցաւ եռօրեայ գիտաժողով, նուիրուած Մխիթար Աբբահօր մահուան 275 ամեակին։
Գիտաժողովին՝ Եւրոպայէն, Հայաստանէն, Գանատայէն եւ Պոլիսէն մասնակցեցան հոգեւորական ներկայացուցիչներ եւ մասնագէտներ։
Սոյն նախաձեռնութեան՝ Մխիթարեան Միաբանութեան կողմէ յատուկ հրաւէրով, իր մասնակցութիւնը բերաւ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ, Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան։
Մասնագէտ դասախօսներու շարքին էր Գերապատիւ Տ. Գեղարդ Ծ. Վրդ․ Քիւսպէկեան, որուն նիւթն էր՝
«ՎԵՐԱՐԺԵՒՈՐՈՒՄ ՅԱՅՏՆՈՒԹԵԱՆ ԳԻՐՔԻ
Ներսէս Լամբրոնացիի թարգմանական մեկնութեան համեմատական ուսումնասիրութիւնը եւ Յայտնութեան գիրքին տեղը՝ Հայ Եկեղեցւոյ վախճանաբանութեան,մեկնողական ու մեկնաբանական գրականութեան, եւ քրիստոնէական առողջ աշխարհընկալման ձեւաւորման մէջ»։