image

Զարեհեան Դպրեվանքի հարկին տակ. Տեղի ունեցած է աւանդական «Աղօթքի մրցում»ը

Զարեհեան Դպրեվանքի հարկին տակ. Տեղի ունեցած է աւանդական «Աղօթքի մրցում»ը

Օրերս, Զարեհեան Դպրեվանքի յարկին տակ տեղի ունեցած է Դպրեվանքի աւանդութեանց շարքին դասուած՝ տարեսկիզբին տեղի ունեցող «Աղօթքի Մրցում»-ի երեկոն, կատարուած է մրցանակաբաշխութիւն։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Կիլիկեան Դպրեվանքի դիմատետրեան էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝ 

Ուրբաթ, 1 Նոյեմբեր 2024-ի երեկոյեան, Դպրեվանքի տեսչութեան տնօրինումով եւ ուսանողական խորհուրդի կազմակերպութեամբ «Բրաբիոն Տումանեան» հանդիսասրահէն ներս տեղի ունեցաւ Դպրեվանքի աւանդութեանց շարքին դասուած՝ տարեսկիզբին տեղի ունեցող «Աղօթքի Մրցում»-ի երեկոն: 

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Դպրեվանքի Գ. Ընծայարանի սան՝ Բարշ. Յովհաննէս Սրկ. Պայտունեան: Ան իր խօսքին մէջ հաստատեց, որ պէտք է աղօթել սրտանց, անկեղծութեամբ եւ ամբողջ հոգիով, որովհետեւ Աստուած կը մերժէ միայն շրթներով արտասանուած աղօթքը: 

Բացման խօսքէն ետք, Դպրեվանքի Բ. Ընծայարանի սան՝ Աբրահամ Կիս. Պայտունեան, ընթերցեց Մատթէոսի Աւետարանին վեցերորդ գլուխէն հատուած մը, որմէ ետք այս տարեշրջանի նորեկ սաները, իբրեւ մրցումին մասնակիցներ, հերթաբար բեմ բարձրանալով արտասանեցին աղօթքներ, զանոնք ուղղելով առ Բարձրեալն Աստուած: 

Յայտագրի աւարտին, բեմ բարձրացաւ Դպրեվանքի Տեսուչ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեան  կատարելու մրցանակաբաշխութիւնը: Առաջին հանդիսացաւ Քրիստ Աշըգեան, երկրորդ՝ Գրիգոր Սիմոնեան եւ երրորդ՝ Հայկ Աղաճանեան: Մրցանակաբաշխումէն ետք, Տեսուչ Հայր Սուրբը իր գոհունակութիւնը յայտնեց ըսելով. «Սիրելիներ, այսօր քիչ մը ամչկոտութեամբ բեմ բարձրացաք՝ ձեր առաջին փորձը կատարելու.  վստա՛հ եղէք, որ օրը պիտի գայ, երբ դուք զձեզ պիտի գտնէք Ս. Խորանին  վրայ՝ հաւատացեալ ժողովուրդին դիմաց, ուր համարձակօրէն պիտի արտասանէք ձեր քարոզները»: 

Ապա, Տեսուչ Հայր Սուրբը մասնակիցներուն նուիրեց «Ձեռաց Ժամագիրք» եւ «Ունկն Դիր, Տէր» աղօթագիրքը՝ իր իսկ գրչէն: Երեկոն աւարտեցաւ «Պահպանիչ» աղօթքով: