image
Հրատապ լուրեր:

Մեր նոր տարին. «Արեւելք»ի խօսքը

Մեր նոր տարին. «Արեւելք»ի խօսքը

Տարին կը բոլորենք թեւաթափ, մտահոգ եւ վաղուան նկատմամբ մեծ հարցադրումներով։

 Ինչպէս ամբողջ հայութիւնը, մենք եւս որպէս «Արեւելք», մեծ տատամսումներով է, որ կը յիշատակենք տարուան լրումը եւ խոր կասկածներով կը նայինք գալիք օրերուն։

 

Մեր ժողովուրդին համար այս ամենադժուարին պահերուն անհրաժեշտն անշուշտ յոյսի նշոյլն է, բարի խօսքը, բարի կամեցողութիւնն ու մանաւանդ ապառաժեայ հաւատքը։

Հաւատք մեր արժէքներուն, մեր սրբալոյս եկեղեցիին, մեր հողին, երկրին ու մեր բանակին հանդէպ։

Հաւատք առ Աստուած, որուն խօսքը խաղաղութիւն պիտի բերէ մեր վիրաւոր հոգիներուն եւ հաւատք առ ապագան։

Այս մեծ հարցադրումներուն ու նաեւ սպասումներուն առընթեր «Արեւելք» դիմեց համահայկական մակարդակի վրայ իրենց գործով եւ խօսքով հեղինակութիւն հանդիսացող խումբ մը գործիչներու, որպէսզի անոնց խօսքին միջոցով  երկխօսինք մեր սիրելի ժողովուրդին հետ։

Այս սիւնակով եւ յառաջիկայ օրերուն հերթաբար մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք այդ խօսքերը, կերպով մը բալասան դառնալու մեր ժողովուրդի ցաւերուն, սփռելով՝ յոյս, հաւատք եւ սէր, բոլոր այն արժէքներուն հանդէպ, որոնց գոյութեան ամրագրումը մեր ժողովուրդի յաւիտենաշունչ ճանապարհի յենարանն են։

 

 Բարի Ամանոր բոլորիդ...

 

«Արեւելք»