Մաքրոն Արցախեան խնդրի քաղաքական կարգաւորման կարեւորութեան մասին խօսեցաւ
Ֆրանսան կողմ է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան երկարաժամկէտ քաղաքական կարգաւորման որոնման: Այս մասին յայտնած են Էլիզէ պալատէն` վկայակոչելով Ֆրանսայի նախագահ՝ Էմմանուէլ Մաքրոնի եւ Հայաստանի վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեանի հեռախօսազրոյցը, կը հաղորդէ ԹԱՍՍ:
«Երկրի ղեկավարը հեռախօսազրոյց ունեցած է Հայաստանի վարչապետին հետ»,- նշած են Ֆրանսայի ղեկավարի վարչակազմէն:- Մաքրոն յայտարարած է [Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի] կայուն քաղաքական լուծում որոնելու իր վճռականութեան մասին 9 նոյեմբերին կնքուած հրադադարի համաձայնագրէն յետոյ»:
Ըստ Էլիզէ պալատի ներկայացուցչին` զրոյցի ընթացքին նախագահը տեղեկացուցած է «բոլոր գերիները ազատելու, ինչպէս նաեւ Հայաստանի տնտեսական զարգացման նպաստելու ջանքերուն աջակցելու Ֆրանսայի պատրաստակամութեան մասին»: Մաքրոն Փաշինեանի հետ հեռախօսազրոյցին յայտարարած է Հայաստանի տնտեսական զարգացման նպաստելու Ֆրանսայի մտադրութեան մասին: