-Մամա՛, մեզի ուրախանալիք տեղ մը տար:
-Աղջի՛կս, ուրախ տեղերը այցելող շատ կ՚ըլլայ, իսկ հիւանդին, ծերին, սգաւորին, այցելող շատ չ՚ըլլար...:
Ես կը դժգոհէի մօրս տուած պատասխանէն, բայց իմ ցանկութիւնս եւ մանկական իրաւունքս պարտադրելու ոչ մէկ հնարք գիտէի, հետեւաբար կամայ թէ ակամայ կ՚ընկերակցէի իրեն: Եթէ այսօրուան մանուկներուն համարձակութիւնը ունենայի, ոտքերս գետին զարնելով բարձրաձայն կու լայի, ինքզինքս գետին կը նետէի, ոլոր-մոլոր կը գլորուէի, մինչեւ որ մայրս շուրջիններէն (էլ- էլէմէն) ամչնալով իմ ուզածս ընէր: Բայց իմ մանկութեանս օրերուն, նախ ծնողական սաստող եւ տեղն ու տեղը գամող նայուածքը կար, իսկ ծայրագոյն պարագային՝ անակնկալ ապտակը:
Մեր ընտանեկան սովորութեան համաձայն, Կիրակի կէսօրէ ետք կ՚այցելէինք մեծ հօրս ու մեծ մօրս տունը՝ մանկութեանս ամէնէն հաճելի կայարանը: Մեծ հայրս եւ մեծ մայրս անսահման գորովանքով կը դիմաւորէին մեզի եւ մեր բոլոր ցանկութիւնները անխտիր կ՚իրականացնէին: Մեծ հայրս շաբթուան ընթացքին մեր նախասիրութիւնները՝ խաղալիք, ուտելիք ամբարած կ՚ըլլար եւ անձկութեամբ կը սպասէր ականատես դառնալու մեր ուրախութեան ցատքերուն ու ճիչերուն: Մեծ մայրս, նոյնպէս մեզի «ո՛չ» ըսել չէր գիտեր, նոյնիսկ, երբ մեզի համար արգիլուած ուտեստներ կը խնդրէինք ( հաւկիթ, իտալական մարթատէլ...)։ Ան մօրմէս գաղտնի կ՚ընդառաջէր մեր ցանկութեան: Խեղճ մեծ մայրս բազմիցս յանդիմանանք ստացած է, երբ Կիրակի գիշեր մեր ամբողջ մարմնին մաշկը կաս- կարմիր ցանով ծածկուած ու քերուած է։ (allergic reaction)
Մինչեւ տանիք հասնող թթենին, մեր խաղավայրն էր: Կանաչ փաս- փայլուն տերեւներուն մէջէն արեւուն ճառագայթները կը շողշողային, իսկ երեկոյեան մեղմ հովին հետ ծառը կը խշշար, կը խօսէր, միտքիս մէջ հեքեաթներ կը ցանէր եւ սիրտս կ՚ուրախացնէր: Ան խորհրդաւոր բան մը ունէր իր մէջ, անխախտ վեհութիւն մը, որուն ճիւղերուն հետ կը խաղայինք, կը նոյնանայինք, կ՚ամրանայինք ու անգիտակցաբար կը մեծնայինք: Առատաձեռն էր ծառը , ան ամէն ամրան հարսի օղերուն նման ճեփ- ճերմակ թութերով կը զարդարուէր, կը հարստանար, կը փայլէր եւ մեր աչքերուն ջերմօրէն կը ժպտար։ Մեր մանուկ հոգիները խինդով կը խայտային, երբ մեծ մայրս ծառը կը թօթուէր ու թութերը կարկուտի տարափին նման թըփ- թըփ կը հանգչէին ճերմակ սաւանին վրայ: Մենք մեծ ու փոքր կը նետուէինք սաւանին վրայ ու եռանդով կը հաւաքէինք քաղցրահամ թութերը։ Ճերմակ լեփ- լեցուն թութով թասերը կը հարստացնէին մեր ու սիրելի դրացիներուն սեղանները։
Բախտաւոր կը զգայինք, երբ Կիրակին մեծ մօրս տան մէջ պիտի անցնէինք, կամ նոյն թաղին փոքրերուն հետ պիտի խաղայինք։ Եռուն էր թաղը, ամէն տարիքի Հայ ու Արաբ բնակիչներով: Հոս հեծիք քշողները, անդին պարան ցատկողները, ոտնագնդակ խաղցողները, տան դուռերուն առջեւ նստած սուրճ խմողները, զրուցողները , նարտի խաղացողները...: Թաղը ապահով խաղավայր մըն էր. հազուադէպ ինքնաշարժ մը կ՚անցնէր ու խաղացողներուն թափը կը խանգարէր: Ամէն մարդ ուրախ էր, ձեւով մը ինքզինք կը զբաղեցնէր, հոգ չէ որ հեռատեսիլի հաղորդումները շատ սահմանափակ ժամերով կը սփռուէին, իսկ համացանց, բջիջային եւ ընկերային հաղորդակցութեան միջոցներ առհասարակ գոյութիւն չունէին: Ձայնասփիւռը այդ օրերուն շքեղութիւնն էր, ամէն մէկ դուռէ տարբեր լեզուով երգեր կը հնչէր, իսկ լուրերու հաղորդման ժամը տղամարդոց համար ամէնէն սպասուած պահն էր:
Իմ ու եղբօրս խանդավառութիւնը կը խամրէր, երբ պէտք էր թաղն ու խաղը լքէինք եւ ընկերակցէինք մեր մեծերուն: Մեծ մայրս եւ մայրս այցելութեան ցանկ մը կ՚ունենային, որ կ՚ընդգրկէր մեծ մօրս տարեկից վերապրողներ, աչազուրկներ, հիւանդներ, անկեալներ, արկածեալներ՝ ոտքը, կոնքը, ուսը կոտրածներ եւ տխուրներ։ Տխուրները շատ էին, անոնք արդարացուցիչ պատճառներ ունէին, բայց օրին ընկճախտի (depression) մասին գաղափար չունէին, հետեւաբար տխրութիւնը անոնց ինքնութեան անբաժանելի ու անդարմանելի դրոշմը կը մնար։ Մեզմէ կ՚անկալուէր, որ խելօք- խելօք նստէինք եւ տխուր մարդոց տան անդորրը չխանգարէինք: Վերադարձի ճամբուն մեր փոքր մէկ խախտումին համար մայրս կ՚ըսէր. « Ափ- ափ երեսի մուր էք»:
-Մամա՛, նորէ՞ն աչազուրկ Պօղոսենց, նորէ՞ն Էլպիզ հանըմենց, նորէ՞ն միականի Տիկ. Հռիփսիմէյենց...հաճիս մեզի ուրախանալիք տեղ մը տար: Մայրս ամէն անգամ նոյն պատասխանը կու տար: Մենք արդէն «ցաւակից» եւ «կարեկից» բառերուն իմաստը եւ կարեւորութիւնը լիովին ըմբռնած էինք: Այս բոլոր այցելութիւնները տեղի կ՚ունենային, երբ մանուկ էինք, քանի որ հազիւ տասը տարեկան էի, մայրս քաղցկեղով հիւանդացաւ ու վեց տարի տառապելէ ետք մահացաւ: Դժբախտաբար մայրս, իր այցելած խումբէն կարեկցող- բաժնեկցող մը չունեցաւ...:
Բարեբախտաբար Աստուր քեռիենց տունը կար, որ միւս տխուր տուներէն կը զանազանուէր: Տան Բակը նապաստակներ կային, ինչպէս նաեւ՝ հաւեր, կատուներ, շուն մը եւ ձի մը: Մեծ մայրս օթեկ հացերը նապաստակներուն համար կը պահէր: Ան յաճախ կը կրկնէր. « Եաւրըմ, ես սով ապրած եմ, ձիու թրիքին մէջէն չմարսուած գարիի հատիկներ կերած եմ, ես հաց չեմ կրնար թափել»: Աստուր քեռին մեծ մօրս ազգականն էր ու իրեն նման վերապրող էր, բայց հակառակ միւս վերապրողներուն, ան միշտ աշխոյժ ու կենսուրախ մարդ էր: Կը սիրէր խօսիլ, անընդհատ խօսիլ, բոլորին ուշադրութիւնը գրաւել եւ իր անհատնում պատմութիւնները հրամցնել: Յատկանշանական էր իր թուխ մաշկը, երկար ու թաւ պեխերը: Իր կողակիցը՝ Երանուհին, սպիտակ դէմքով, մեղմ ու բարեհամբոյր ժպիտով եւ գիրուկ մարմինով կին մըն էր: Այդ օրերուն բոլոր կանանց նման սեւ հագուստ կը հագնէր, իսկ մէջքին անպայման գոգնոց մը կ՚ունենար:
Օր մը ես ու տան աղջիկը՝ Եղսան, կը խաղայինք, մինչ կատուներէն մէկը անընդհատ մեր շուրջը կը դառնար, մեր նստած բազմոցներուն վրայէն կ՚ելլէր ու կ՚իջնէր: Ես նախապէս կատուներու հետ շփում ունեցած չէի, անոնց կենցաղին ծանօթ չէի, հետեւաբար բնաւ հաշտ չէի կատուին այդքան ինծի մօտիկ ըլլալու գաղափարին:
-Սիլվա՛, մի՛ վախնար, մի՛ վախնար, աս կատուն շատ բարի է, եթէ նոյնիսկ պոչը քաշես բան մը չ՚ըներ։
Եղսային խօսքերը այնքան համոզիչ էին, որ պահ մը վախս թօթափեցի եւ կատուին պոչը քաշեցի։ Չեմ կրնար նկարագրել կատուին բարկութիւնը, մռնչիւնը, վրաս յարձակիլը եւ իր զոյգ թաթերով անյագօրէն ձեռքերս ճանկռտելը:
Ա՜խ, այնքան սարսափելի էր ցաւս, ձեռքերս կ՚այրէին, կը մրմռային, տեղ- տեղ կ՚արիւնէին եւ ես՝ անզօր էակ, բարձրաձայն կու լայի: Տան տիկինը, մայրս եւ մեծ մայրս իրար անցած էին, մանաւանդ, որ օրը Կիրակի էր եւ բժիշկներուն դարմանատուները փակ էին։ Հոս շտապ օգնութեան հասան դրացիները՝ «արապի տօքթորները»...:
-Առատ սխտոր ծեծեցէ՛ք, առատ աղով խառնեցէ՛ք, վէրքերը լափ- լափ ծեփեցէք եւ կապեցէք: Մինչեւ սխտոր- աղով ծեփուիլս շատ կը ցաւէի, բայց սխտոր- աղէն ետք աննկարագրելի ցաւ, հրդեհ, մրմռոց եւ սիրտ խառնուք ապրեցայ
-Չօճուխին շաքար ջուր խմցուցէք. երեսը դեբ - դեղին է…։ Այդ օրը ես ատեցի ոչ միայն ինծի ճանկող կատուն, այլ բոլոր կատուները:
Հայրս երբ պատահարը իմացաւ եւ վիճակս տեսաւ շատ սրտնեղեցաւ, յատկապէս վրդովեցաւ սխտորին պատմութենէն եւ ըսաւ.« Այո, օրը Կիրակի է, բայց բժշկուհի Ժանէթ Չաւտարեանը մեր տան կռնակին կպած շէնքին մէջ կ՚ապրի եւ ես վստահ եմ, որ ան օգնութեան կը հասնէր եւ աղջկաս առանց դարմանումի չէր ձգեր:
Ճանկռտուքին ցաւը, բուժումը եւ հետքերը բաւական ժամանակ առին մինչեւ որ վերացան: Այս դէպքէն ետք իմ հայեցողութիւնս եւ վարմունքս կատուներուն հանդէպ նոր թափ մը ստացաւ: Մեծ մօրս տան շրջակայքը բազմաթիւ փողոցային կատուներ կը վխտային եւ ես կը խորշէի անոնց գոյութենէն: Ակամայ վրէժխնդրութեան կրակը արթնցած էր մօտս: -Հայրի՛կ, քար հաւաքենք եւ փիսիկ հալածենք:
Խեղճ հայրս կ՚ընդառաջէր ցանկութեանս եւ հետս կատուներուն ետեւէն կը վազէր, որպէսզի ինծի «պատառիկ» մը գոհունակութիւն պարգեւէր: Ժամանակ մը իմ մանուկ աշխարհիս համար փիսիկ հալածելը դարձաւ ամէնէն հետաքրքրական «խաղս»:
-Հայրի՛կ, հաճիս, փիսիկ հալածենք:
Ներող եղէ՛ք կատու սիրողներ եւ Պրիժիտ Պարտոյի բարեկամներ։ Այս ատելավառ հալածանքը երկար չտեւեց: Հիմա երբ յետադարձ ակնարկով կ՚անդրադառնամ դէպքին, կը զարմանամ որ թիրախս զիս ճանկող կատուն չէր...: Երեւի, թէ սա բնազդօրէն ընկալուած ձեւ մըն է, որ մենք մեկնելով մեր դառն փորձառութենէն միայն յանցաւորը չենք պատժեր, այլ անխտիր անոր պատկանած ամբողջ զանգուածը։
Սիլվա Մահրէճեան-Իսկիկեան