image

Ժամը՝ Սէ՛րն է...

Ժամը՝ Սէ՛րն է...

Այս գիշեր է որ հասկցայ,

թէ դարձեր եմ՝ գերի կեանքիս, 

Օրերն այսպէս կ'անհետանան,

դեռ կը սպասեմ սէգ անուրջիս, 

Միթէ փնտռած ժամըս կու գա՞յ,

պիտի հասնի՞մ իմ բաղձանքիս,

Թէ ոչ այսպէս խե՜ղճ ու խելառ,

պիտ հալածեմ անհուպ կեանքիս։

 

Արդեօք որո՞ւ ես թախանձեմ, 

որ իմ վէրքըս բալասանէ, 

Կեանքս ու միտքըս նուաղեր են, 

սրտիս յոյսէն հեռացեր են,

Միթէ ե՞ս եմ տրտմած այսպէս, 

թէ ոչ վհատ իմ նմաններ

Կը տրտնջեն ապշա՜ծինձ պէս,

եւ կը սպասեն կեանքէն նուէր։

 

Չէ՞ որ կեանքը մեր նուէր է, 

տիրոջ շունչով մեծացեր է, 

Իսկ անոր մէջ ինչ որ ցանենք,

այդ ալ տիրոջ՝ մեր նուէրն է, 

Բայց ի՞նչն է որ մեզ կը սպասէ, 

տէ՞րը հզօր իր դրախտէն, 

Կամ թէ մի՛տքը մեր պատմասէր, 

որ ազատի չարչարանքէն։

 

Վստահ գիտեմժամը կու գայ, 

որ իմ սիրտը զուարճանայ, 

Յանկարծ կ'ըսեմ.- Միտք իմ շուար,

կեանքի գաղտուկ տեղն իմացայ։

Ինչ որ ըսեմ հարց կը մնայ,

ինչ որ գրեմ՝ հոս կը մնայ...

Կեանքը այսպէս կու գայկ'երթա՜յ, 

ժամը՝ Սէ՛րն էնոր հասկցայ։

ԿԱՅԼԱԿ

(Փետր. 21. 2012)

Կայլակ

«Սէր ու Կրակ» գիրքէն

Կայլակ

Կայլակ

ԿԱՅԼԱԿ Բուն անունով Մկօ Փանոսեան: Ծնած է 1974...