image
Հրատապ լուրեր:

Պոլիս. Արշալոյս Ռիթա Գասապեանի դժուար պարագան կը վերածուի մարդասիրական արշաւի

Պոլիս. Արշալոյս Ռիթա Գասապեանի դժուար պարագան կը վերածուի մարդասիրական արշաւի

Պոլսոյ հայ համայնքէն տարեց կնոջ մը դժուար կացութիւնը դարձաւ անսպասելի համերաշխութեան շարժման սկիզբ։

Արշալոյս–Ռիթա Գասապեանը, որ ամիսներ շարունակ նիւթական դժուարութեանց պատճառով չէր կրնար վճարել իր բնակարանի վարձքը, օգնութեան ձեռք ստացաւ ոչ միայն հայերէն, այլ նաեւ Թուրքիոյ տարբեր վայրերէ հայուհիին հարցը լուծելու միացած մարդոցմէ։ Ընկերային ցանցերու մէջ սկսած դրամահաւաքը արագօրէն վերածուեցաւ մարդասիրական նախաձեռնութեան մը, որուն մասնակցեցան տարբեր երկիրներէ եւ նոյնիսկ տարբեր ազգութիւններու մարդիկ։

Սակայն այս պատմութիւնը միայն օգնութեան մասին չէ․ ան նաեւ կը բացայայտէ այն դժուարութիւններն ու դիմադրութիւնը, որոնց կարելի է հանդիպիլ, երբ անհատական նախաձեռնութիւնը կը փորձէ լրացնել համայնքային կառոյցներու բացթողումները։

Նշենք, որ այս մարդասիրական քայլի գլխաւոր նախաձեռնողը եղած է Պոլսահայ համայնքային գործիչ՝ Նուրհան Չեթինօղլուն։