Մարտ 17-ին 93 տարեկանին մահացած է Համայն վրաց Կաթողիկոս-Պատրիարք Իլիա Երկրորդը։ Ըստ պաշտօնական տուեալներու՝ մահուան պատճառը սրտի, թոքերու եւ երիկամային անբավարարութեան բարդացումներն են։
Իլիա Երկրորդի (աշխարհիկ անունը՝ Իրաքլի Ղուտուշաուրի-Շիոլաշվիլի) գահակալութիւնը եղած է ամենաերկարը Վրաց ուղղափառ եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ։ Ան կը սերէր Ղուտուշաուրի-Շիոլաշվիլիներու տոհմէն, որու պատմական յիշատակութիւնները կը սկսին 5-րդ դարէն՝ Վախթանգ Գորգասալի թագաւորի արշաւանքներու ժամանակաշրջանէն։
Ցխում-Ապխազիայի այն ժամանակուան մետրոպոլիտ արքեպիսկոպոսը միաձայն ընտրուած է կաթողիկոս-պատրիարք 1977-ի դեկտեմբեր 23-ին Սիոնիի մայր տաճարին մէջ կայացած Տասներկրորդ եկեղեցական ժողովին։ Նույն թուականի դեկտեմբեր 25-ին պատրիարքի գահակալութիւնը տեղի ունեցած է Սվեթիցխովելի մայր տաճարին մէջ։
Վրաստանի կառավարութեան որոշմամբ, կաթողիկոս-պատրիարք Իլիա II-ի մահուան կապակցութեամբ Վրաստանի մէջ յայտարարուած է ազգային սուգ, բոլոր վարչական շէնքերու վրայ իջեցուած են ազգային դրօշները:
Վրացական պատրիարքարանի յայտարարութեան համաձայն, Իլիա II-ի աճիւնով դագաղը մարտ 18-ին պիտի տեղադրուի Թիֆլիսի Սուրբ Երրորդութեան տաճարին մէջ՝ հրաժեշտի արարողութեան համար։