image

Եթէ Իրանի դէմ hակամարտութիւնը երկարի, Հայաստանի տնտեսութիւնը մեծապէս պիտի տուժէ. Պապոյեան

Եթէ Իրանի դէմ hակամարտութիւնը երկարի, Հայաստանի տնտեսութիւնը մեծապէս պիտի տուժէ. Պապոյեան

Եթէ Իրանի դէմ հակամարտութիւնը չաւարտի, մեր տնտեսութեան վրայ այդ երկարաժամկէտ վատ ազդեցութիւն պիտի ունենայ։ Այս մասին ՀՀ Ազգային Ժողովի տնտեսական հարցերու մշտական յանձնաժողովի հերթական նիստի ժամանակ ըսած է ՀՀ տնտեսութեան նախարար Գէորգ Պապոյեանը։

Ան յոյս յայտնած է, որ Իրանի շուրջ ռազմական զարգացումները կարճաժամկէտ կ՚ըլլան, եւ միայն այդ պարագային մեր տնտեսութեան մէջ վնասները պիտի ըլլան հնարաւորինս քիչ։

«Վնասներ ակնյայտօրէն հիմա էլ կան`որոշ ապրանքների գների բարձրացման տեսքով մենք տեսնում ենք, որ կան գնաճային ռիսկեր։ Նաեւ որոշ ապրանքների արտադրութեան համար Հայաստանը հումք է ստանում Իրանից, եւ այս դէպքում եւս գնաճային ռիսկեր հնարաւոր է առաջանան»,– նշած է նախարարը։

Պապոյեանը յիշեցուցած է, որ Իրանի հետ ունինք բաւականին մեծ առեւտրաշրջանառութիւն` ներմուծում–արտահանում եւ հասկնալի է, որ Իրանի դէմ հակամարտութեան ձգձգումը մեր տնտեսութեան վրայ կրնայ ունենալ երկարաժամկէտ ոչ դրական ազդեցութիւն։

«Միաժամանակ, երբ հետեւում ենք ընդհանուր քաղաքական գործիչների բարձր մակարդակով յայտարարութիւններին, կարծես թէ յոյս կայ, որ, ի վերջոյ, մօտակայ ժամանակներում կոնֆլիկտը կ՚աւարտուի եւ այդ դէպքում, կարծում եմ, որ բացասական մեծ սպասումներ չպէտք է այլեւս ունենանք»,– վստահեցուցած է տնտեսութեան նախարարը։