image

Լիբանանի մէջ իսրայէլեան հարուածներուն հետեւանքով լրագրող մը զոհուած է

Լիբանանի մէջ իսրայէլեան հարուածներուն հետեւանքով լրագրող մը զոհուած է

Լիբանանի մէջ գործող արմատական «Հըզպալլա» շարժման հետ առնչութիւն ունեցող Al Manar հեռուստաընկերութիւնը յայտարարած է, որ Պէյրութի կեդրոնին մէջ Իսրայէլի կողմէ հասցուած հարուածի հետեւանքով սպանուած է իր քաղաքական ծրագիրներու տնօրէնը։

Այս մասին հաղորդած է Associated Press գործակալութիւնը։

Հեռուստաալիքի քաղաքական ծրագիրներու տնօրէն Մոհամմատ Շըրրիի հետ սպանուած է նաեւ անոր կինը։ Երեխաները եւ թոռնիկերը վիրաւորուած են եւ տեղափոխուած հիւանդանոց։

Շըրրին Լիբանանի մէջ յայտնի լրագրող էր եւ երկար տարիներ եղած է հեռուստաընկերութեան հաղորդավար։