Լոյս տեսաւ բանասէր, լեզուաբան, կրթական մշակ Յակոբ Չոլաքեանի «Գործնական Արեւմտահայերէն» գիրքը, խմբագրութեամբ՝ Կարօ Յովհաննէսեանի:
Գիրքը հրատարակած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տպարանը, «Գէորգ Մելիտինեցի» գրական մրցանակի հրատարակութեանց շարքի 95-րդ հատորն է:
Գիրքը ունի ներածութիւն եւ հինգ մաս՝ ձեւաբանութիւն, շարահիւսութիւն, ուղղագրութիւն, կէտադրութիւն, գլխագիրի գործածութիւն:
Անթիլիաս, 2018, 356 էջ: