image

«Գործնական քայլեր». Զասի անդրադարձը Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանային վիճակին

«Գործնական  քայլեր». Զասի անդրադարձը  Հայաստան-Ատրպէյճան  սահմանային վիճակին

ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղար Սթանիսլավ Զաս ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարի քաղաքական հարցերով օգնական Միրոսլավ Ենչայի հետ զրոյցին անդրադարձած է հայ-ատրպէյճանական սահմանին տիրող իրավիճակին:

Հաւաքական անվտանգութեան կովկասեան տարածաշրջանին մէջ, Սթանիսլավ Զասի խօսքով, իրավիճակը կը մնայ համեմատաբար կայուն՝ շնորհիւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ Ռուսաստանի միջնորդութեամբ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն։

Իրավիճակի հետագայ կարգաւորման համար անհրաժեշտ է գործնական աշխատանք պետական սահմանի սահմանագծման եւ սահմանազատման ուղղութեամբ, նշած է Զաս։