Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Էլի Քոհըն Քիեւի մէջ հանդիպած է Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի հետ եւ խոստացած մեծցնել ուքրանական կողմին մարդասիրական օգնութեան ծաւալը։
ԹԱՍՍ-ի հաղորդմամբ՝ նախարարը աւելցուցած է, որ Իսրայէլը միանշանակ կ'աջակցի Ուքրանիոյ ինքնիշխանութեանն ու տարածքային ամբողջականութեան, եւ պատրաստակամութիւն յայտնած է հակամարտութենէն ետք նպաստելու Ուքրանիոյ վերականգնման։
Անոր խօսքով, Իրանի գործունէութիւնը Ուքրանիոյ մէջ արժանի է ամենախիստ դատապարտման, եւ անհրաժեշտ է գործնական քայլեր ձեռնարկել միջազգային հանրութեան կողմէ։