image

Իսրայէլ «գործնական քայլեր»ու դիմած է. Նպատակը Իրանը պատժելն է

Իսրայէլ  «գործնական քայլեր»ու դիմած է.  Նպատակը Իրանը պատժելն է

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Իսրայէլ Կացը նամակ գրած է 32 երկրի՝ կոչ ընելով անոնց պատժամիջոցներ կիրառելու Իրանի հրթիռային ծրագրի դէմ եւ Իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու զօրագունդը ճանչնալու որպէս ահաբեկչական կազմակերպութիւն:

Սա տեղի ունեցած է Թեհրանի կողմէ Իսրայէլի վրայ յարձակումէն ետք, գրած է Times of Israel-ը:

X-ի էջի միջոցաւ ըրած յայտարարութեան մէջ Կաց նշած է, որ «կը ղեկավարէ քաղաքական յարձակումն ընդդէմ Իրանի»:

«Հրթիռային ծրագրի դէմ պատժամիջոցները եւ Իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու զօրագունդը ահաբեկչական խմբաւորում յայտարարելու քայլերը պիտի օգնեն զսպել եւ թուլացնել Իրանը», - գրած է Կացը՝ աւելցնելով, որ Իրանը «պէտք է կանգնեցնել հիմա՝ քանի դեռ ուշ չէ»: