Անգլիոյ մէջ պիտի նշուի սփիւռքահայ գրող Գրիգոր Պըլտեանի գրական գործունէութեան 50-ամեակը: Այս մասին կը տեղեկանանք միջոցառման կազմակերպիչ մարմնէն: Նշենք, որ յոբելենական միջոցառումը պիտի կայացուի յառաջիկայ Երկուշաբթի 25 Յունուարին Լոնտոնի Համալսարանին (University of London) մէջ: Կը հաղորդուի նաեւ, որ գրական երեկոյթին խօսքերով հանդէս պիտի գան Գրիգոր Մոսկոֆեան (Լոնտոն հաստատուած հայագէտ) եւ Ռաֆֆի Աճէմեան (որ այս առթիւ հրաւիրուած է Գանատայէն): Ձեռնարկին պիտի կատարուին ընթերցումներ հեղինակի գործերէն եւ կը սպասուի նաեւ, որ Պըլտեան յատուկ խօսքով մը ելոյթ ունենայ: Պէյրութ ծնած Գրիգոր Պըլտեան կը համարուի սփիւռքահայ գրականութեան ամէնէն վաւերական անուններէն մին: Ան կ'ապրի եւ ստեղծագործէ Փարիզի մէջ: