image

Լիբանանի նախագահական ընտրութիւններ -1 Միշէլ Մուաուատ

 Լիբանանի նախագահական ընտրութիւններ -1 Միշէլ Մուաուատ

 Նորէն կը կրկնեմ, որ այո՛ կան ներքին խլրտումներու, Իսրայէլի հետ բախման երթալու, տնտեսական համընդհանուր փլուզումի մեծ վտանգներ, բայց այդ բոլորը ներկայ փուլին անկարող են բեկում մտցնել երկրի ներ-քաղաքական մեծ պատկերին մէջ, որուն գոյացման գլխաւոր պատասխանատուներէն շատ-շատերը այսօր  անկախական ոճով կը խօսին, մոռնալով նաեւ, որ շիիթներէն առաջ Լիբանանի մէջ տէրութիւն ընելու կոչուած էին նախ Մարոնիները, որոնք անարդար էին եւ Լիբանանի «հերն անիծեցին» ու անկէ ետք ալ սիւննիները, որոնք շինարար էին այո՛, բայց հեռատես չէին ու քաղաքական «խորունկ» հոտառութիւն չունէին։ 

 

 

Ինչպէս օրեր առաջ գրեցի Լիբանանի մէջ «ճակատագրական» փուլ մտած է նոր նախագահի ընտրութեան խնդիրը։ 

 Երկիր, որ ունի տնտեսական բարդ խնդիրներ, այսօր կը սպասէ նոր նախագահի մը, որ պէտք է կարողանայ երկրին համար ստեղծել նոր իրավիճակ։ Այս առումով անշուշտ կան բացատրելի կէտեր, բայց ատոնց մասին այլ առթիւ։

 Հիմա ինչ որ կը կատարուի այն է, որ Լիբանանի իշխող ուժերը ՝ (Նախագահ Աուն, «Ազգային ազատ հոսանք», «Հըզպալլա» եւ «Ամալ») սպասողական վիճակով մը կը հետեւին զարգացումներուն եւ մինչեւ այս պահը չունին նախագահի «յարմար» թեկնածու մը (այս մասին ալ ըսելիքներ կան, եւ գուցէ առաջիկային գրեմ այդ մասին եւս)։ Ասոր դիմաց, մենք նկատեցինք, որ Ամերիկ-սէուտական անմիջական նեցուկը վայելող ուժերը, որոնց շարժիչ եւ ազդեցիկ ուժը  Սամիր Ժաաժայի գլխաւորած «Լիբանանեան ուժեր» կուսակցութիւնն է կարողացաւ ինչ որ նոր մակարդակի տինամիզմ մը մէջտեղ բերել եւ «ներքին կարգով» եղած «ներքին ընտրութեամբ» մը ճամբայ հանել նախկին նախագահ Ռընէ Մուաուատի (սպաննուած Լիբանանի անկախութեան տօնի օրը 22 նոյեմբեր 1989 -ին նախագահ ընտրուելէն քիչ անց) որդիին՝ Միշէլ Մուաուատի թեկնածուութիւնը։ 

 

 Ուշագրաւ է նաեւ, որ Տիւրզի գլխաւոր թեւը ՝ Ուալիտ Ժոմպլաթի  ղեկավարած ՝«Ժողովրդավարական հանդիպում» պլոքը միացաւ այս խմբաւորման եւ բոլորը միասին (ներառնելով նաեւ «Փաղանգաւորներ»ը եւ այլ «անկախական» կարգ մը անուններ) կարողացան  29 Սեպտեմբերին  խորհրդարան երթալ եւ 36 քուէ ապահովել Մուաուատին։

 

  Ընդդիմադիր շրջանակներուն կողմէ բացուած այս խաղը շատ հաւանաբար շարունակուի որոշ ժամանակով, առանց հասնելու բուն նպատակին, այսինքն  տակաւին յստակ չէ, թէ երբ է խորհրդարանը կարողանալու ընտրել նոր նախագահ։ 

 Ի դէպ խորհրդարանի նախագահ Նէպիհ Պըրրի, որ երկրի քաղաքական բեմին գլխաւոր «մոտըրէյթըր»ն է նիստի հրաւիրեց երեսփոխանները յառաջիկայ 13  հոկտեմբերին, ձեւով մըն ալ «ճիմճիկ» ընելով Աուականներու պլոքին, որովհետեւ այդ օր խորհրդանիշն է  Լիբանանի ինքնիշխանութեան  անկումին (այդ օրն էր , երբ սուրիական Միկ կործանիչներ ոչ միայն փլատակ դարձուցին Պաապտայի նախագահական պալատը, այլ թափանցեցին, դէպի քրիստոնէական շրջաններ ու կարողացան զօր. Աունը հեռացնել իր պաշտօնէն, իսկ վերջինս վերջին պահուն խոստացած էր մինչեւ մահ մնալ պալատէն ներս, բայց չկարատեց իր խոստումը, եւ (սա կ՚ըսեմ պատմութեան համար) ստիպուած եղաւ ապաստանիլ Ֆրանսայի դեսպանատուն, որմէ ետք ալ ընտրեց «աքսոր»ի մէջ մնալու ընտրանքը եւ ապրեցաւ Ֆրանսայի մէջ մինչեւ Լիբանան «յաղթական» վերադարձը թուականին։) եւ այդ պատճառով ալ շատ հաւանաբար նիստը չկայանայ։

 

 Այս բոլորէն անդին ես աւելի քան վստահ եմ, որ ընդդիմութիւնը պիտի չկարողանայ Միշէլ Մուաուատը հասցնել նախագահական աթոռ մի քանի հիմնաւորեալ պատճառներով, որուն ամէնէն գլխաւորը  երկրի «մեծամասնական» ուժին՝ շիիթներուն «համաձայնութիւն»ը չունենալն է։ 

 Անկէ զատ կայ նաեւ հին-նոր համոզումը, որ Լիբանանի մէջ անհնար է առաջ տանիլ ներկայ քաղաքական շրջափուլի «պապաներ»ուն դէմ գործող նախագահ մը, որ կրնայ նոյնիսկ պատճառ դառնալ ներքին անաւարտելի եւ վտանգաւոր արիւնահեղութեանց։

Ասկէ անդին եւ վստահաբար կան այլ գործօններ եւս, սակայն այն իրականութիւնը, որ ոչ ոք իրաւունք ունի անտեսելու այն է, որ ներկայ փուլը Իրան-Արեւելեան ուժերու տիրապետութեան շրջանն է, որուն հետ կարելի է խօսիլ միմիայն համախոհութեան լեզուով։ Իսկ այն մօտեցումը, որուն գլխաւոր առաջատարը Սամիր Ժաաժան է, որ դարձեալ կը խօսիլ անպայմանօրէն բախումի երթալու հաստատակամութեամբ կամ կը մոռնայ, որ նոյնիսկ զինք «զինող», դրամ հայթայթող կամ իր քաղաքական տեսակէտներուն ծափահարող շրջանային կողմերը երբեք պատրաստ չեն նոր ճակատ մը բանալ Լիբանանի մէջ, հաշուի առնելով «Հըզպալլա»ի ներուժը ու նաեւ մտահան չընելով Սուրիոյ մէջ իրենց ջախջախիչ պարտութիւնը։

 

 Կա՞ն միջազգային խաղացողներ, որոնք պատրաստ են նոր արկածախնդրութեան, այո՛ հաւանաբար կան (ես անձամբ կը բացառեմ այդ մէկը) բայց անոնք եւս (յատկապէս ԱՄՆ-ը) կարծէք պատրաստ են Իրանին հետ համաձայնելու, պատրաստ են Սուրիան որպէս լիարժէք խաղացող վերընդունելու ու պատրաստ են հասկնալու (ի վերջոյ), որ Լիբանանի մէջ «մէկ ձեռքով» ծափ չեն կրնար զարնել։

 

 Նորէն կը կրկնեմ, որ այո՛ կան ներքին խլրտումներու, Իսրայէլի հետ բախման երթալու, տնտեսական համընդհանուր փլուզումի մեծ վտանգներ, բայց այդ բոլորը ներկայ փուլին անկարող են բեկում մտցնել երկրի ներ-քաղաքական մեծ պատկերին մէջ, որուն գոյացման գլխաւոր պատասխանատուներէն շատ-շատերը այսօր  անկախական ոճով կը խօսին, մոռնալով նաեւ, որ շիիթներէն առաջ Լիբանանի մէջ տէրութիւն ընելու կոչուած էին նախ Մարոնիները, որոնք անարդար էին եւ Լիբանանի «հերն անիծեցին» ու անկէ ետք ալ սիւննիները, որոնք շինարար էին այո՛, բայց հեռատես չէին ու քաղաքական «խորունկ» հոտառութիւն չունէին։

 

 Սագօ Արեան 

 (Շարունակելի)

 

 

Սագօ Արեան

Սագօ Արեան

Ծնած է Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասը՝ 1972-ի...