Ռուսիոյ եւ ԱՄՆ-ի նախագահներ Վլատիմիր Փութինի եւ Տանըլտ Թրամփի հանդիպումը Ալասքայի Անքորիճ քաղաքին մէջ տեւած է մօտաւորապէս երեք ժամ՝ արտաքին քաղաքականութեան գերատեսչութիւններու ղեկավարներուն եւ անոնց օգնականներուն ներկայութեամբ։
Այնուհետեւ Փութին եւ Թրամփ յայտարարութիւններ կատարած են լրատուամիջոցներուն համար։ Անոնք ձեռնպահ մնացած են հարցումներուն պատասխանելէ։ Փութինի այցը տեւած է հինգ ժամ։
Հանդիպման առանցքային նիւթերէն մէկը եղած է Ուքրանիոյ շուրջ ստեղծուած իրավիճակը, ըսած է Ռուսիոյ նախագահը։ Ան յոյս յայտնած է, որ Թրամփի հետ ձեռք բերուած փոխըմբռնումը պիտի հարթէ Ուքրանիոյ խաղաղութեան ճամբան։
Փութին ըսած է, որ ինք եւ Թրամփ «հաստատած են շատ լաւ գործնական եւ վստահելի շփումներ»։ «Եւ ես բոլոր հիմքերը ունիմ հաւատալու, որ այս ճամբով շարժելով՝ կրնանք հասնիլ, եւ որքան շուտ՝ այնքան լաւ, Ուքրանիոյ մէջ հակամարտութեան աւարտին», — ըսած է ան։ Փութին նշած է, որ վերջին տարիներուն ռուս-ամերիկեան յարաբերութիւնները հասած են «Պաղ Պատերզէն ի վեր ամենացած կէտին» եւ անհրաժեշտ է «շտկել իրավիճակը, առճակատումէն անցնիլ՝ երկխօսութեան»։
Լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին Թրամփ նշած է, որ առաջնորդները «իրօք հսկայական առաջընթաց գրանցած են»։
«Մենք համաձայնութեան եկած ենք շատ, շատ կէտերու շուրջ։ Մենք տակաւին ամբողջովին համաձայնութեան չենք հասած քանի մը կարեւոր կէտերու շուրջ, բայց որոշակի առաջընթաց գրանցած ենք։ Այսպիսով գործարք չկայ, տակաւին գործարք չկայ», — ըսած է Թրամփ։
Աւելի ուշ ան Fox News-ի լրագրողի հարցումին պատասխանելով ըսած է, որ Փութինի հետ իր հանդիպումը գնահատած է «10-էն 10»։
Ամերիկեան լրատուամիջոցները զուսպ արձագանգած են գագաթաժողովին՝ շեշտելով որեւէ յայտարարուած պայմանաւորուածութեան կամ նոյնիսկ տեղի ունեցած քննարկումներու մանրամասնութիւններու բացակայութիւնը։
«Նիւ Եորք Թայմզ»-ը կը կարծէ, որ Փութին կարողացաւ յետաձգել նոր պատժամիջոցներու կիրառումը, իսկ «Պլումպըրկ»-ը նշած է, որ երկարատեւ քննարկումներէ ետք «առաջնորդներէն ո՛չ մէկը ներկայացուց իրենց քննարկումներուն յստակ մանրամասնութիւնները կամ ըսաւ, թէ արդեօք կողմերը գտած են ընդհանուր լեզու»։ Գործակալութիւնը կը կարծէ, որ այս պիտի մեծցնէ անհանգստութիւնը Եւրոպական մայրաքաղաքներուն եւ Քիեւին մէջ։