Ռուսիան եւ Միացեալ Նահանգները տակաւին երկար ճամբայ ունին անցնելու, բայց երկու նախագահներու Ալասքայի հանդիպումը արդէն իսկ առաջընթաց է։ Այս մասին յայտարարած է ԱՄՆ-ի արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոն։
«Մենք տակաւին երկար ճամբայ ունինք անցնելու, բայց արդէն գրանցեցինք առաջընթաց»,– ըսած է Ռուպիոն՝ ռուսական «Առաջին ալիք»ի թղթակիցին տուած մեկնաբանութեան ընթացքին։
Պատասխանելով ճշդող հարցին՝ թէ արդեօք այս հանդիպումը խաղաղութեան գործընթացին խթան է, Ռուպիոն պատասխանած է, որ ամերիկեան կողմը այդ յոյսը ունի։
«Պիտի տեսնենք, յուսանք, շուտով»,– աւելցուցած է ան՝ մեկնաբանելով այն հարցումը, թէ երբ պիտի կայանայ յաջորդ հանդիպումը։