image

Սուրիոյ մէջ սեպտեմբերին խորհրդարանական ընտրութիւններ պիտի կայացուին

Սուրիոյ մէջ սեպտեմբերին խորհրդարանական ընտրութիւններ պիտի կայացուին

Սուրիոյ մէջ պիտի կայացուին առաջին խորհրդարանական ընտրութիւնները՝ Ասատի իշխանութեան տապալումէն ետք, յայտնած է Սուրիոյ պետական լրատուական գործակալութիւնը՝ ՍԱՆԱ-ն։

Ըստ հաղորդագրութեան՝ ընտրութիւնները կը նախատեսուի կայացնել սեպտեմբեր 15-էն 20-ը։

Ընտրութիւններու կազմակերպմամբ զբաղող Բարձրագոյն յանձնաժողովի նախագահ Մուհամետ Թահա ալ-Ահմատը յայտնած է, որ խորհրդարանի 210 մանթատներէն մէկ երրորդը պիտի նշանակէ ժամանակաւոր նախագահը, իսկ մնացածը պիտի ընտրուին քուէարկութեան միջոցով։

Ընտրական յանձնաժողովի մէկ այլ անդամ՝ Հասան ալ-Տաղիմը, յայտնած է, որ Սուրիոյ բոլոր նահանգներուն մէջ պիտի ստեղծուին ընտրական կեդրոններ՝ քուէարկութեան կազմակերպման նպատակով։

Սուրիոյ ժամանակաւոր նախագահ Ահմետ Շարհի ստորագրած ժամանակաւոր սահմանադրութեամբ կը նախատեսուի ստեղծել Ժողովրդական յանձնաժողով, որ պիտի գործէ որպէս անցումային խորհրդարան մինչեւ մշտական սահմանադրութեան ընդունումն ու համընդհանուր ընտրութիւններու կայացումը։ Ըստ փորձագէտներու, այդ գործընթացը կրնայ տարիներ տեւել։