image

Լիբանանի նախագահի կոչը «Հըզպալլա»ին. «Զէնքերդ յանձնէ...» 

Լիբանանի նախագահի կոչը «Հըզպալլա»ին. «Զէնքերդ յանձնէ...» 

Լիբանանի նախագահ Ժոզեֆ Աուն «Հըզպալլա»ին կրկին կոչ ըրած է՝ հրաժարելու զէնքէն եւ զայն յանձնելու ազգային բանակին։

Բանակի օրուան առիթով ունեցած իր ելոյթին մէջ Աուն յայտարարած է, թէ Ուաշինկթընի ճնշման ներքոյ Լիբանանը ներկայացուցած է իր առաջարկները՝ շարք մը փոփոխութիւններով։

Լիբանանեան առաջարկին համաձայն՝ Լիբանանի մէջ պիտի կայանայ «իսրայէլեան ռազմական գործողութիւններու անյապաղ դադրեցում», իսրայէլեան ուժերու ամբողջական դուրսբերում հարաւային Լիբանանէն, ինչպէս նաեւ Իսրայէլի մէջ պահուող լիբանանցի բանտարկեալներու ազատ արձակում։ Ատոր փոխարէն Լիբանանը պիտի զինաթափէ բոլոր զինուած խմբաւորումները՝ ներառեալ «Հըզպալլա»-ն, եւ անոնց զէնքը պիտի յանձնէ բանակին։

Այս յայտարարութիւնը հնչած է նախորդ օրը, երբ «Հըզպալլա»-ի առաջնորդ Նաիմ Քասեմ յայտարարած էր, թէ շարժումի զէնքը «Լիբանանի ուժն է», եւ զայն յանձնելը կը նշանակէ զայն յանձնել Իսրայէլին։