Լիբանանի մէջ «Քորոնա»ի հետեւանքով իր մահկանացուն կնքած է Վարդան Ազարեանը։
Այս մասին իմացանք հանգուցեալի բարեկամներէն։
Զաւակն է Ներսէս Ազարեանին, որուն շուքով ալ հասակ առած է հայկական աւիւնով ապրող ընտանիքի մը մէջ ունենալով մէկ եղբայր եւ երեք քոյր։
1956-ի ծնունդ Ազարեան Շըքաա շրջանի մեր հայրենակիցներէն էր, որ երկար տարիներէ ի վեր կը զբաղուէր վաճառականութեամբ։
Ամուսնացած է Սիլվա Էքմէքճեանին հետ եւ հայր՝ չորս զաւակներու։
Ան իր հօր՝ Ներսէս Ազարեանի եւ եղբօր ՝ Անդրանիկին հետ կը համարուի Լիբանանի գործարար շրջանակներուն մէջ յայտնի անուն եւ կը գործէր, որպէս ներկայաուցիչը շարք մը եւրոպական ընկերութիւններու։
Ան եղած է իր շրջապատին մէջ սիրուած եւ յարգուած անձնաւորութիւն եւ տարբեր առիթներով ալ նեցուկ կանգնած է Լիբանանեան հիւսիսային շրջաններու հայկական կեդրոններու բարերար։
Յիշեցնենք, որ «Քորոնա»ի ալիքը կը շարունակէ տարածուիլ երկրով մէկ եւ օրական կտրուածքով մահացութիւններու թիւը սկսած է հասնիլ 90-ի սեմին։