Փետրուար 6-ին՝ ժամը 19։44-ին, Շիրակի մարզային փրկարարական վարչութեան ճգնաժամային կառավարման կեդրոն ահազանգ ստացուած է, որ քաղաքացին կ՚ուզէ ինքնասպանութիւն գործել՝ նետուելով կամուրջէն։
Այդ մասին յայտնած է ՆԳ նախարարութիւնը:
Դեպքի վայր մեկնած են մարզի փրկարարներն ու պարեկները։
Պարեկներու եւ փրկարարներու արհեստավարժ աշխատանքի շնորհիւ քաղաքացիի ինքնասպանութեան փորձը կանխուած է․ ան տեղափոխուած է ՆԳՆ ոստիկանութեան Արթիկի բաժին: