image

Միտք հրաշաստեղծ

Միտք հրաշաստեղծ

Դուն ծներ ես իմ հոգւոյս հետ, 

կ'ապրիս սրտիս տրոփին մէջ, 

Պարզ տարիքիս դու մեկնակէտ,

աստուածատուր ձիրք առյաւէտ, 

Ամէն մէկ շունչ կեանքիս նուէր՝

մենք կիսեր ենք երկուքիս մէջ, 

Ո՜վ մեծարանք, կեանքի ընկեր, 

նորարար միտք հըրաշաստեղծ։

 

 

Ես կը ջանամ կեդրոնանալ

կեանքիս անուշ բուրմունքին մէջ,

Բայց դուն անհոգ երկարաբան,

կը գանգատիս սրտիս խորքէն,

Եւ երբ փորձեմ անդորրանալ

գոնէ մէկ օր, հեռու քեզմէ,

Որպէս տեսիլք զգացական՝ 

տռտըռալով կու գաս նորէն։

 

 

Թոյլ տուր, օր մը թռչիմ ազատ,

հպիմ կեանքիս վառ երազին, 

Եւ գուրգուրամ իմ կենսաձիր,

անգայտ սրտիս սուրբ մուրազին, 

Գուցէ տեսնեմ սէր կենսուրախ,

միտքըս պայծառ, հիանալի,

Ու մրմընջող կեանքս ամայի՝

դարձնեմ պարտէզ հըրաշալի։

 

 

Բայց պէտքն ունի գիրքն սպիտակ, 

քու խօսքերուդ հանճարամիտ,

Ինչպէս նաեւ՝ խրատատենչ

կեանքն ուսանող՝ ազգ նորածին,

Ու կը վախնամ, երբ օրը գայ,

ուր իմ տունըս դառնայ շիրիմ, 

Եւ յաւիտեան մենք բաժնըւինք՝ 

պիտի ըլլաս դուն ողբալի։

 

 

Կը խոստանամ քեզ տարածել

համայն աշխարհ իմ ողջ կեանքիս, 

Որ ներշընչես բիւրաւորներ,

ու տաս ճախրանք հայոց գրքին, 

Բաղձանքըս է, որ քեզ սերտեն 

հազար դարեր, եւ աւելին, 

Որ ինձմէ լաւ կեանքեր շաղես, 

մնաս անմահ գա՛նձ սիրագին։

ԿԱՅԼԱԿ

(Ապրիլ 8, 2012)

 

 

 

«Սէր ու Կրակ» գիրքէն

 

 

 

Կայլակ

Կայլակ

ԿԱՅԼԱԿ Բուն անունով Մկօ Փանոսեան: Ծնած է 1974...