«Ձօն Նահատակ Հերոսներին, որոնք իրենց կյանքը զոհեցին պահպանելով մեր հողերն ու պատիւը», այս նախաբանով սկսած է Լիբանանահայ երգիչ՝ Կարօ Կապուտիկեանի վերջին երգի՝ «Հերոս տղերքին» տեսահոլովակը:
Նշենք, որ լիբանանահայ երգիչ՝ Կարօ Կապուտակեան, անցնող տարիներուն կարեւոր ներդրում ունեցած է հայ երգարուեստի տարածման գործին մէջ, թողարկելով 18 ալպոմ, ու հայերէնէն բացի կատարումներ ունենալով արաբերէն եւ օտար լեզուներով։
Կապուտիկեանի թողարկած վերջին երգը նուիրուած է բոլոր այն մարտիկներուն, որոնք Ղարաբաղի պատերազմին պաշտպանեցին հայրենի հողը ու նահատակուեցան յանուն հաւատի ու վասն հայրենեաց։ Երգը նաեւ նուիրուած է հայոց պատմութեան ընթացքին հայրենի հողին համար պայքարած բոլոր երիտասարդներուն, որոնց շառաւիղն են այսօրուան հերոսները:
«Հերոս Տղերքին» Երգի խօսքերն ու երաժշտութիւնը Կարօ Կապուտակեանինն է, իսկ մշակումը՝ Յովիկ Ատուրեանի (Հալէպահայ երաժիշտ, որ ներկայիս հաստատուած է Երեւան): Երգին մէջ տուտուկի օգտագործումը վեր կը հանէ հայկական ոգին ու զգացողականութիւնը: Տեսահոլովակը նկարահանուած է Ալեքս Կիւրիւնեանի կողմէ, ուր նաեւ բաժիններ յատկացուած են Եռաբլուրին:
Երգահանը իր այս երգին միջոցաւ կը փառաբանէ հերոս երիտասարդները, որոնք իրենց մանկութենէն կը սնանին ազգասիրութեամբ եւ հայրենասիրութեամբ, եւ վտանգի պահուն կը փութան հայրենիքի պաշտպանութեան: