image

ԼՂՀ եւ ՀՀ նախագահները քայլերթով այցելեցին Ստեփանակերտի յուշահամալիր

ԼՂՀ եւ ՀՀ նախագահները քայլերթով այցելեցին Ստեփանակերտի յուշահամալիր

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ այսօր` Սեպտեմբեր 2-ին,  ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան ու ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեան Արցախի Հանրապետութեան հռչակման 25-րդ տարեդարձին մասնակցելու նպատակով Հայաստանէն ժամանած պաշտօնական պատուիրակութեան, արցախահայութեան եւ արտերկրէն ժամանած հիւրերու հետ Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակէն հանդիսաւոր քայլերթով այցելեցին Ստեփանակերտի յուշահամալիր:

Անոնք յարգանքի տուրք  մատուցեցին Արցախի անկախութեան համար զոհուած հայորդիներու յիշատակին, ծաղիկներ դրին արցախեան ազատամարտի նահատակներու շիրիմներուն: