Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ այսօր` Սեպտեմբեր 2-ին, ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան ու ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեան Արցախի Հանրապետութեան հռչակման 25-րդ տարեդարձին մասնակցելու նպատակով Հայաստանէն ժամանած պաշտօնական պատուիրակութեան, արցախահայութեան եւ արտերկրէն ժամանած հիւրերու հետ Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակէն հանդիսաւոր քայլերթով այցելեցին Ստեփանակերտի յուշահամալիր:
Անոնք յարգանքի տուրք մատուցեցին Արցախի անկախութեան համար զոհուած հայորդիներու յիշատակին, ծաղիկներ դրին արցախեան ազատամարտի նահատակներու շիրիմներուն: