image

Հրանդ Տինք վարժարանի սաները այցելեցին՝ Գնալը կղզի

Հրանդ Տինք  վարժարանի սաները այցելեցին՝ Գնալը կղզի

«Հրանդ Տինք» վարժարանի սաները հիւրընկալուած են Գնալը կղզիի մէջ։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

«Հրանդ Տինք» վարժարանի սաները, առաջնորդութեամբ Հոգաբարձուներ Դալար եւ Արթօ Հորոզօղլուներու, խումբ մը ուսուցիչներու եւ ծնողներու, քանի մը օր առաջ հիւրընկալուեցան Գնալը կղզիի մէջ, բարերար, դպրոցի բարեկամ Հերման Խնդիրեանի հաճելի կազմակերպութեամբ։

Հերման Խնդիրեանն ու իր կողակիցը՝ Շուշիկ, ինչպէս ամէն տարի, այս անգամ ալ պտոյտ մը կազմակերպեցին տղոց համար։ Այս անգամ դէպի Գնալը կղզի եւ առատ հիւրասիրութիւն, ամառնային սովորական օրը վերածելով զուարճութեան տօնի մը։

Օրը յագեցած էր խաղերով, հայկական երգ ու պարով։ Միջոցառման մասնակցեցան բազմաթիւ հիւրեր, այդ կարգին Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ վերապատուելի Գրիգոր Աղապալօղլու, Իշխանաց կղզեաց Հոգեւոր Հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Տիրամայր Սիլվա Տամատեան, Նաթան Քահանան ու երէցկինը՝ Նիրվա Արապօղլու, գերմանաբնակ գրագէտ Քէմալ Եալչըն, Փարոս ամսաթերթի խմբագիր Մայտա Սարիս, Նազար եւ Սոնա Պինաթլը ամոլը եւ այլն։

Նազար Կիւնալանի ալ հիւրընկալութեամբ տղաքը անմոռանալի օր մը անցուցին կղզիի լողաւազանի մէջ, ճաշակեցին համեղ ուտելիքներ եւ Արման Քէօսէի սիրայօժար մասնակցութեամբ զանազան խաղերու մասնակցեցան։ 

Օրուայ աւարտին հնչեցին երախտիքի ու շնորհակալութեան խօսքեր։ Ուսուցչուհի Մարգարիտ Աւագեան եւ ծնող Լիլիթ Մաթոսեան, դպրոցի ընտանիքի անունով շնորհակալագիր մը յանձնեցին Հերման Խնդիրեանին։