image

«Le Monde»ը զարմանք յայտնած է ՀՀ իշխանութիւններուն վարքին դիմաց

«Le Monde»ը զարմանք յայտնած է ՀՀ իշխանութիւններուն վարքին դիմաց

Հայաստանի իշխանութիւնները զարմանալիօրէն կրաւորական են այն վտանգի հանդէպ, որ Պաքուն փաստացի (տէ ֆաքթօ) ինքնուրոյն կը ձեւաւորէ սահմանը, Շուռնուխ գիւղի մասին յօդուածին մէջ գրած է ֆրանսական Le Monde թերթը:

«Արդէն երկու ամիս Ստեփան Մովսէսեանը ստիպուած է ուշադիր հետեւիլ, թէ ուր ոտքը դնէ իր տան մէջ: Մէկ սխալ քայլ, եւ այս 72-ամեայ գիւղացին կը յայտնուի Ատրպէյճանի մէջ: Ամէն պարագայի այդպէս կ'ըսեն ատրպէյճանցի զինուորները: 2020 թուականի 27 դեկտեմբերին անոնք իրենց GPS-ով մուտք գործեցին գիւղ եւ վճռականօրէն յայտարարեցին, որ իրենց կը պատկանի սահմանին գտնուող տան կէսը, ինչպէս նաեւ ճանապարհի մէկ կողմը գտնուող եւս 11 տուն:

Տարակուսած տարեց հայու աչքի առջեւ զինուորները մուտքի մօտ ցուցանակ ամրացուցած են. «Գիւղ Շուռնուխ, Գուպաթլու շրջան, Ատրպէյճանական Հանրապետութիւն»: Անոր ննջասենեակն ու հիւրասենեակը մնացած են հայկական կողմին մէջ, բայց գոմ այլեւս չի կրնար մտնել: Ինչեւէ, անոր վիճակն այնքան վատ չէ, որքան հարեւաններունը, որոնց պարզապէս վտարած են տուներէն: Բնակիչներն առաւել զարմացած էին այդ դէպքէն, քանի որ Շուռնուխը Սիւնիքի մարզի մէջ է, այլ ոչ թէ Գուպաթլուի շրջանին, որ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած է 2020-ի 9 նոյեմբերին կայացած զինադադարէն ետք, որ ամրապնդեց Հայաստանի ջախջախումը Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին:

Այժմ լեռան ստորոտին գտնուող այս գիւղին մէջ լարուած իրավիճակ ստեղծուած է: Ստեփան Մովսէսեանը ստիպուած է ընտելանալ իր նոր հարեւաններուն: Երբ ան կը ծխէ պատշգամբին մէջ, հայեացքն կ'իյնայ դրօշներու եւ զինուորականներու շարանին՝ ատրպէյճանցիները տեղակայուած են աւերուած շէնքի տանիքի տակ, ճանապարհի միւս կողմը տեղակայուած են ռուս խաղաղապահներ, իսկ անոր այգիին մէջ այժմ օր ու գիշեր կը հերթապահեն երկու հայ սահմանապահներ: «Երբեմն տպաւորութիւն կը ստեղծուի, որ անոնք զիս կը հետեւին»,- ըսած է ան հեգնանքով:


Ակնյայտ լարուածութիւն

Թշնամիներու հետ նոր առճակատումը լաւատեսութիւն չի ներշնչեր անոր. «Նախապէս ատրպէյճանցիները 120 քիլոմեթրի վրայ էին: Այսօր անոնք ըստ էութեան իմ տունն են»: Անոր չի լքեր այն միտքը, թէ ինչ կ'ըլլայ, եթէ կրակ բանան: Սիւնիքի մարզի սահմանի միւս գիւղերուն մէջ, ուր նոյնպէս ատրպէյճանցի զինուորներ յայտնուած են, արդէն միջադէպեր տեղի ունեցած են, որոնք խնամքով կ'արձանագրէ հայ իրաւապաշտպան Արման Թաթոյեանը: Զոհեր եւ վիրաւորներ առայժմ չեն եղած, բայց լարուածութիւն կը զգացուի: Խաղաղ բնակիչներու կողքին մէկ անգամ չէ, որ նախազգուշական կրակոցներ հնչած են:

Ահաբեկուած բնակիչները կը վախնան դուրս գալ տուներէն ու նոյնիսկ հիւանդանոց երթալ, քանի որ անոր մի քանի քիլոմեթրանոց հատուածը յայտնուած է Պաքուի ձեռքը: Ներքին Հանդ գիւղին մէջ կրակոցները հնչած են դպրոցէն 500 մ հեռաւորութեամբ: «Զինուորները օդ կրակած են, բայց այդ ոչինչ կը փոխէ՝ շատ վտանգաւոր է, եւ անոնք այնտեղ ընելիք չունին»,- ընդգծած է Արման Թաթոյեանը: Իրաւապաշտպանը կողմ է ապառազմականացուած գօտիի ստեղծման: Բացի այդ, «սահմաններու գծման գործընթացը կ'իրականացուի իրաւական շրջանակէ դուրս, զինուորականներու սպառնալիքի ներքոյ եւ քաղաքացիներու բոլոր իրաւունքներու ոտնահարմամբ»: Ոչ յատուկ յանձնաժողով ստեղծուած է եւ ոչ ալ նախնական գնահատական տրուած է բնակչութեան կարիքներուն:

«Ատրպէյճանցիները կու գան ու սահմաններ կը գծեն, ինչպէս յարմար  գտնեն»,- ըսած է Ստեփան Մովսէսեանը: Ան կը փորփրէ պահարանն ու կը հանէ հին սովետական քարտէզը: «Ես այն անգիր գիտեմ: Ես ասով աշխատած եմ 20 տարի, երբ անտառապահ էի: Այստեղ հրաշալի կ'երեւայ, որ սահմանը Շուռնուխէն հեռու կ'անցնի»,- ան մատով ցոյց կու տայ գիւղը: Այն ժամանակ Հայաստանը եւ Ատրպէյճանը դեռ ԽՍՀՄ կազմին մէջ էին, իսկ սահմանը զուտ վարչական բնոյթ ունէր, ուստի ոչ ոք անոր մեծ ուշադրութիւն կը դարձնէր: Այդ ժամանակէն ի վեր ամէն ինչ արմատապէս փոխուած է:

Հակառակ խնդրի մաշտապին, հայկական կառավարութիւնը զարմանալիօրէն կրաւորական կը պահէ իրեն այն վտանգի հանդէպ, որ Պաքուն փաստացի (տէ ֆաքթօ) ինքնուրոյն կը ձեւաւորէ սահմանը: Իրավիճակը աւելի կը բորբոքէ հայերու դժգոհութիւնը, որոնք արդէն անոր վրայ կը դնեն պարտութեան պատասխանատուութիւնը: «Վարչապետը նոյնիսկ չէ եկած, իսկ ատրպէյճանցիները կ'ըսեն՝ «Սա մերն է», եւ անոնց ոչ ոք կ'առարկէ»,- բորբոքած է Գորիսի փոխքաղաքապետ Կարէն Քոչարեանը, որ կը զբաղուի սահմանամերձ գիւղերով: Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեանը կ'ըսէ, որ կը հասկնայ մարդոց շփոթմունքը, բայց համբերութիւն ցուցաբերելու կոչ կ'ընէ. «Այս պատմութիւնը դեռ չէ աւարտած: Երբ մենք հանդարտեցնենք կիրքերը եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատենք Ատրպէյճանի հետ, այդ աշխատանքով յատուկ յանձնաժողով կը զբաղուի: Առայժմ պայմանագրի բացակայութեան պատճառով խօսքը ոչ թէ սահմանի, այլ շփման գիծի մասին է»։

Ինչեւէ, պատերազմն աւարտած է, եւ Շուռնուխի մէջ հայ զինուորականներ չկան, միայն՝ սահմանապահներ: Պաքուի հետ համաձայնութեան գալու համար կրնան տարիներ պահանջուիլ, բայց նախարարը չանհանգստանար եւ կ'ապաւինի ռուս զինուորականներու միջնորդութեան` սրումը կանխելու համար: